ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի ու Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքի «Պորուսիա» ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, գերմանական «Տոյչէ Վել» լրատուական գործակալութեան կատարած մէկ հարցախոյզին արդիւնքներով՝ հռչակուեցաւ 2015-2016 մրցաշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Մօտաւորապէս 30 երկիրներու մէջ կատարուած այս հարցախոյզին արդիւնքներով, Մխիթարեան հաւաքեց ձայներու 26 տոկոսը։
Մխիթարեան «Լաւագոյն ֆութպոլիստ»ի պայքարին ընթացքին առաջ անցաւ Հաւիէր Հերնանտեզէն (21 տոկոս), Թոմըս Միւլերէն եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիէն (17ական տոկոս)։
Միթարեան այս առթիւ նշեց, թէ ուրախ է, որ կօլեր արձանագրելով՝ օգտակար կը հանդիսանայ խումբին։ «Ես կրցած եմ կօլային փոխանցումներ կատարել ու լաւ խաղալ, սակայն ուրախ եմ նաեւ խումբին համար։ Այս տարի մենք հրաշալի խաղարկութիւն ցոյց տուինք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Չեմ կարծեր, որ կայ աւելի լաւ մրցանակ, քան՝ աշխարհասփիւռ երկրպագուներու աջակցութիւնը։ Շնորհակա՛լ եմ, որ իմ կողքին էք»։
Մխիթարեան այս մրցաշրջանին ընթացքին դարձած է 11 կօլի ու կօլային 15 փոխանցումներու հեղինակ։ Ներկայիս, իրմով լրջօրէն կը հետաքրքրուին իտալական «Եուվենթուս» եւ անգլիական «Չելսի», «Լիվըրփուլ» ու «Արսենալ» ակումբները։