ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Շանթ Օկնայեան նշանակուած է Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Փաքիստանի մէջ «Ֆէյսպուք»ի առեւտուրի, վաճառքներու ու առցանց ծառայութիւններու տարածաշրջանային տնօրէն. այս մասին կը տեղեկացնէ «telecompaper.com» կայքը:
Անոր հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նպաստել տարածաշրջանին մէջ համացանցային առեւտուրի զարգացման: Շանթ Օկնայեան նաեւ աշխատանք պիտի տանի ծառայութիւններու որակի բարձրացման գծով:
Օկնայեան աւելի քան 15 տարուան փորձառութիւն ունի այս մարզէն ներս։ Ան նախապէս աշխատած է «Կուկըլ»ի մէջ: