ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ Մայիս 15ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը, որմէ ետք հռչակագիր ստորագրուած է երեք երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան նոր շրջանի մը սկսելու մասին:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսուած է նաեւ Արցախի, Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ հիմնախնդիրներուն մասին։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ ըսած է, որ Անգարա վերոնշեալ տագնապներուն խաղաղ լուծման կ՛աջակցի՝ պայմանաւ, որ լուծումները հիմնուած ըլլան Վրաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Խօսելով Արցախի մասին՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը կրկին պաշտպանած է Պաքուի պնդումները՝ աւելցնելով, թէ «Հայաստանը չի կրնար շարունակել իր յարձակողապաշտ, բռնագրաւող ու ռազմական քաղաքականութիւնը» եւ պնդելով, որ նման քաղաքականութիւն դատապարտուած է ձախողութեան։