ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար 19րդ դարու Միացեալ Նահանգներու անիշխանական Արեւմուտքէն մնացած «Նախ կրակէ, ապա հարցումներ հարցուր» ասացուածքը արդէն իսկ արմատներ սկսած է նետելու, իսկ կարգ մը պարագաներու՝ նոյնիսկ տժգոյն ծաղիկներ տուած է երկրին լրատուական մարզէն ներս։
Մոլուցքի վերածուած առաջինը ըլլալու անհամբերութիւնը, զուգորդուած արհեստագիտութեան խելագարեցնող աճին եւ հաստատումի չսպասելու աճապարանքին՝ լաւագոյն սնունդը կը հանդիսանայ այս ախտին, որ առարկայական իրականութիւնը փնտռողը կը դնէ ամէն վայրկեան ճշդում մը կամ հերքում մը կատարելու պարտադրանքին տակ։
Այս Ախտը տարբեր համեմատութիւններով եւ տարազներով, երբեմն հապճեպի, իսկ երբեմն՝ գիտակցաբար կեղծելու դիտումով, վնասներ կը գործէ նաեւ քաղաքական, գիտական եւ նոյնիսկ արուեստի ու կրթական մարզերէն ներս։
«Լուր»երը, քաղաքական գործիչներու եւ թեկնածուներու կողմէ խոստումները, պնդումները ու պիտակումները, կամ գիտնականներու «գիւտ»երը փամփուշտներու նման կը տեղան, եւ կացութիւնը կը հասնի հոն, ուր լրատուութեան կամ բարոյական ու գիտական տարրական սկզբունքներու կամ քաղաքական որոշ օրէնքներու հաւատացողն իսկ տեղի կու տայ ու կը յանձնուի յորձանքին, որ արդէն իսկ իրեն հետ կը տանի տասնամեակներու ջանքերով մէջտեղ եկած պատշաճ գործելու չափանիշները։
Անշո՛ւշտ, ախտը միայն վերջերս չէ յայտնուած, այլ անոր օրինակները միշտ կարելի է գտնել. անոնցմէ ամենախօսունը կը մնայ քաղաքականն ու լրատուականը համատեղող եւ 1948ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական մօտիկ ընտրութեանց մամլոյ դափնեպսակը խլելու «Շիքակօ Տէյլի Թրիպիուն»ի յօրինումը, որ ամօթալի ձախողութեան վերածուեցաւ, երբ մեծատառ վերնագիրով նախագահ հռչակեց Տիուին, Թրումընի փոխարէն։
Բարեբախտաբար, կան տակաւին ուժեր, որոնք սրբագրելու կամքը կը պահպանեն ու երբեմն, մանաւանդ երբ հարցը լուրջ է, դրական միջամտութիւններով յարմար ճշդում կը կատարեն։
Սակայն, արհեստագիտութեան զարգացման զուգահեռ մարդոց հետզհետէ տկարացող յիշողութիւնը եւ տեղեկութեանց աղբիւրները չստուգելու ծուլութիւնը յաճախ առիթ կու տան սխալներ գործողներուն, որ հարթակ վերադառնան՝ իբրեւ անբասիր մարգարէներ, իրենց «իմաստութիւն»ը տարածելով աջ ու ձախ։
Իսկապէս աւելի լաւ չէ՞ր արեւելեան աւելի համբերատար՝ «Նախ մանչ զաւակը տեսնենք, ապա Աստուծոյ աղօթենք» մօտեցումը, հակառակ անոր շատ պահպանողական եւ խտրական ըլլալուն։