ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ հինգ ամիսներուն ընթացքին իր կամաւորներու նուիրեալ աշխատանքներուն շնորհիւ 10,000 քալիֆորնիահայեր աւելցուց հայ քուէարկողներու բանակին, այսպիսով՝ վերջին քանի մը տարիներուն քուէարկելու համար նահանգի տարածքին նոր արձանագրուած հայերուն թիւը 25,000ի բարձրացնելով:
Հայ քուէարկողներու թիւին այս զգալի աճը աննկատ չէ անցած «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի ու «Ֆրեզնօ Պի»ի նման մեծ թերթերու ուշադրութենէն:
Հայ Դատի այս կարեւոր իրագործումը կը պարտինք «ՀայՎոթս» նախաձեռնութեան մասնակից կամաւոր աշխատողներուն, որոնք անցեալ ամիսներուն հայկական համայնքային հարիւրաւոր ձեռնարկներու ընթացքին սեղաններ զետեղելով սրահներոն առջեւ, հազարաւոր բնակարաններ այցելելով եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով օգնեցին քուէարկելու իրաւունք ունեցող սակայն չարձանագրուած քաղաքացիներուն, որ իրենց ընտրելու իրաւունքը կենսագործելու կարելիութիւնը ունենան:
«Նախքան Յունիս 7ի քուէները հաշուելը, ես կրնամ հաստատել, որ «ՀայՎոթս» քուէարշաւի նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն արձանագրած է», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
«Հազարաւոր նոր քուէարկողներ արձանագրելով եւ համայնքը իրազեկելով ընտրական գործընթացին մասին՝ մենք այս երկրին մէջ ժողովրդավարութեան հիմերը կ՛ամրացնենք», աւելցուց Յովսէփեան:
Յանձնախումբը ծրագրած է այս արշաւը շարունակել յառաջիկայ ամիսներուն, իր կամաւորները գործի լծելով նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այլ նահանգներու մէջ: Հայ քուէարկողներու թիւի այս զգալի աճը աննկատ չէ անցած »Լոս Անճելըս Թայմզ»ի ու «Ֆրեզնօ Պի»ի նման մեծ թերթերու ուշադրութենէն:
Հայ Դատը այս կարեւոր իրագործումը կը պարտինք «ՀայՎոթ» նախաձեռնութեան մասնակից կամաւոր աշխատոչներուն, որոնք անցեալ ամիսներուն հայկական համայնքային հարիւրաւոր ձեռնարկներուն ընթացքին, սեղաններ դնելով սրահներոն առջեւ, հազարաւոր բնակարաններ այցելելով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով քուէարկելու իրաւունք ունեցող սակայն չարձանագրուած քաղաքացինրուն օգնեցին, որպէսզի իրենց ընտրելու իրաւունքը կենսագործելու կարելիութիւնը ունենան:
«Նախքան Յունիս 7ի քուէները հաշուելը, ես կրնամ հաստատել, որ «ՀայՎոթ» քուէարշաւ նախաձեռնութիւնը յաջոչութիւն արձանագրած է», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
«Հազարաւոր նոր քուէարկողներ արձանագրելով եւ համայնքը իրազեկելով էնտրական գործընթացի մասին, մենք այս երկրի մէջ ժողովրդավարութեան հիմերը կ՝ամրացնենք», աւելցուց Յովսէփեան:
Յանձնախումբը ծրագրած է այս արշաւը շարունակել յառաջիկայ ամիսներուն, իր կամաւորները գործի լծելով նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այլ նահանգներու մէջ: