ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր՝ Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս պապի դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր պատմական «ուխտագնացութեան» առիթով, մարդոց մեծ մասը տեղեակ չէր Վատիկանի քուլիսներու ետին մինչեւ անոր այցելութիւնը ծաւալած քննարկումներուն մասին, կապուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:
Հռոմի պապի երկակի դերը՝ իբրեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ եւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, երբեմն խնդիրներ կը ստեղծէ Սուրբ Աթոռի պատերէն ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ:
Երկարատեւ նախապատրաստութիւններէ եւ ներքին քննարկումներէ ետք Հռոմի պապը 24 Յունիսին ժամանեց Հայաստան, պատրաստ՝ հանդէս գալու շարք մը քարոզներով եւ ելոյթներով, իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին: Զարմանալի էր, որ անոր պատրաստած ելոյթներէն ոչ մէկը կը բովանդակէր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը, սակայն կային բազմաթիւ վկայակոչումներ՝ «ողբերգութեան, կոտորածի, սարսափելի փորձութեան եւ անսահման տառապանք»ի վերաբերեալ: Անոր քարոզներուն մէջ բազմիցս գործածուած է «Մեծ Եղեռն» հայերէն եզրը, որ «մեծ ոճիր»ի փոխարէն Վատիկանի կողմէ սխալմամբ թարգմանուած է իբրեւ «մեծ չարիք»: Եզրաբանութեան մէջ փոփոխութեան առաջին նշումը յայտնի դարձաւ մինչ Հռոմի պապի հովուական այցելութիւնը հայ ժողովուրդին յղուած տեսաուղերձին մէջ, ուր չէր յիշատակուեր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հետագային, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցելութեան ընթացքին քահանայապետը հիւրերու գիրքին մէջ եւս չգրեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը՝ արտագրելով նախապատրաստուած բնագիրը…
Կրնայ երկու պատճառ ըլլալ, թէ ինչո՛ւ կը խուսափէին գործածել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը.
- Քանի որ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը անցեալ տարուան Ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցած պատարագին ժամանակ արդէն հաստատուեր էր Հռոմի Ֆրանսիս պապին կողմէ, ապա Վատիկանի պաշտօնեաները որոշեր էին հանդէս գալ «խաղաղութեան եւ հաշտեցման» նոր ուղերձով մը:
- Քահանայապետի արտաքին քաղաքականութեան խորհրդականները կրնայ ըլլալ, որ դժկամօրէն վերաբերած էին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը անգամ մը եւս բարձրացնելուն՝ թրքական կառավարութեան անցեալ տարուան կտրուկ արձագանգէն եւ Վատիկանէն թուրք դեսպանը 10 ամիսով յետս կոչելէն ետք:
Սակայն, Հռոմի Ֆրանսիս պապը զարմացուց բոլորը, երբ Երեւանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, 24 Յունիսին արտասանած իր ելոյթին ընթացքին շեղեցաւ նախապատրաստուած եւ լրատուական միջոցներուն արդէն բաժնուած բնագիրէն՝ աւելցնելով «ցեղասպանութիւն» բառը: Ահա թէ ինչ ըսաւ Հռոմի պապը՝ յիշելով իր աւելի շուտ, 2015 թուականի Ապրիլ 12ի քարոզը. «Այդ առիթով յիշատակուեցաւ 100րդ տարելիցը Մեծ Եղեռնի, «Մեծ Չարիքը», որ հարուածեց ձեր ժողովուրդը եւ անթիւ անհամար զոհերու պատճառ դարձաւ: Ցաւօք, այդ ողբերգութիւնը, այդ ցեղասպանութիւնը, գլխաւորեց տխուր ցուցակը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու, որոնք իրականացան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով, որոնք եւ մթագնեցին միտքը մարդասպաններու, որոնք նպատակադրեցին ոչնչացնել մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ»:
Նոյն օրը, աւելի ուշ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի բացատրեց, թէ ինչու Հռոմի Ֆրանսիս պապը շեղած է իր պատրաստած բնագիրէն. «Պապը կ՛ըսէ այն, ինչ յարմար կը գտնէ, եւ ոչ ոք կ՛որոշէ, թէ քահանայապետը ի՛նչ պէտք է ըսէ: Հռոմի պապը Հայաստան այցելութեան ընթացքին «ցեղասպանութիւն» բառը չօգտագործելու որեւէ պատճառ չունէր: Իրականութիւնը յստակ է, եւ մենք երբեք զայն չենք ժխտեր»:
Ելոյթին մէջ պապի օգտագործած այդ միակ բառը չվրիպեցաւ թրքական իշխանութիւններու ուշադրութենէն: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուրետտին Չանըքլի իր արձագանգին մէջ մեղադրեց պապը՝ «խաչակրաց մտածելակերպ» ցուցաբերելուն մէջ: Չանըքլի դարձեալ կրկնեց թրքական սովորական կեղծիքները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Հռոմի պապի մամլոյ քարտուղար Լոմպարտի մերժեց փոխվարչապետին քննադատութիւնը՝ նշելով, որ «Հռոմի պապը խաչակրաց արշաւանքի չէ ելած: Ան ոչ մէկ բառ ըսած է թուրք ժողովուրդին դէմ»:
Հրաժարելով խոնարհիլ թրքական ճնշման տակ, Հռոմի Ֆրանսիս պապը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ 26 Յունիս 2016ին ստորագրեց «Համատեղ հռչակագիր», որ կը վկայակոչէր Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի կանուխ ճանաչումը. Ֆրանսիս պապի 12 Ապրիլ 2015ի հանդիսաւոր պատարագը եւ 27 Սեպտեմբեր 2001ին Գարեգին Բ.ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին միջեւ ստորագրուած «Համատեղ յայտարարութիւնը»: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւս մէկ «համատեղ պաշտօնական հաղորդագրութիւն» ստորագրուած է 29 Նոյեմբեր 2000ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի եւ Գարեգին Բ.ի կողմէ:
Յունիս 26ին, Հռոմ վերադարձի ճանապարհին, «Ֆրանս Փրես» լրատուական գործակալութեան լրագրողը հարցուց Հռոմի պապին, թէ ինչո՞ւ ան Երեւանի մէջ որոշեց իր ելոյթին աւելցնել «ցեղասպանութիւն» բառը: Պապը մանրամասն բացատրեց, որ «ցեղասպանութիւն»ը միակ բառն է, որուն ազդեցութեան տակ ան հասակ նետած է՝ հայերու զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու պարագային: Պապը նշեց նաեւ դէպի Ատրպէյճան եւ Վրաստան կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութիւններուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 30էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2:
Հռոմի Ֆրանսիս պապը դէպի Հայաստան իր «ուխտագնացութեան» մօտեցաւ առաւելագոյն ազնուութեամբ եւ իր սրտի խօսքը ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ անտեսելով իր խորհրդականներու եւ ճառ գրողներու քաղաքական հաշուարկները: Ան նախընտրեց ինքզինք դրսեւորել իբրեւ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառայ, այլ ոչ թէ խորամանկ քաղաքական գործիչ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ