ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «ԱՊԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիաֆետ Ասկերով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրելու ինքնավարութեան ա-մէնէն ընդարձակ կարգավիճակ: Այս մասին կը գրէ Լուսինէ Մուսայէլեան։
«Մենք հանդէս կու գանք ղարաբաղեան հակամարտութեան փուլային կարգաւորման օգտին՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, Պաքուն պատրաստ է Ղարաբաղին տրամադրելու բարձրագոյն ինքնավարութեան կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Ասիկա մեր վերջնական որոշումն է», յայտնած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճան թոյլ չի տար իր տարածքին մէջ «արհեստականօրէն» ստեղծել երկրորդ հայկական պետութիւն:
Ո’չ կը հաւատանք Ադրպէյճանի խօսքերուն, ո’չ ալ կը վստահինք անոր գորելակերպին: Պատմութիւնը ցոյց տուած է որ անոր ղեկավարները ստախօս են եւ իրենք ալ մարդասպան: Խոստումներոխ մեզ ջփորձեպ խաբել: