ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 22 Յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ոնեցած է խորհրդակցութիւն՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ քննչական մարմիններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած են 17 Յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակման եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրականացուող միջոցառումներուն արդիւնքները:
Նախագահին զեկուցուած է նաեւ, որ պահակապարեկային գունդի տարածքին մէջ պահուող պատանդները ազատ արձակելու, զինուած խումբի անդամներուն կողմէ զէնքը վար դնելու եւ իշխանութիւններուն յանձնուելու նպատակով մնայուն կերպով կը կատարուին աշխոյժ բանակցութիւններ, կը ձեռնարկուին իրավիճակէն թելադրուող այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու:
Սերժ Սարգսեան հաստատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին խաղաղ հանգուցալուծում տալու համար պէտք է ձեռնարկել կարելի բոլոր միջոցներուն՝ կարեւոր նկատելով ենթադրեալ բոլոր իրաւախախտումներու համակողմանի եւ անաչառ քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն համար պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը: Խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն տրուած են անհրաժեշտ յանձնարարականները:
Ան դիտել տուած է, որ Հայաստան դժուար ու պատասխանատու օրեր կ՛ապրի՝ նշելով, որ պատճառներուն անդրադառնալու պահը չէ հիմա, սակայն «բոլորս պէտք է սրանից դասեր քաղենք»: Նախագահը իր խօսքին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն. «Մենք պէտք է անենք ամէն ինչ, որպէսզի այս բարդ իրավիճակը կարգաւորուի եւ նման ողբերգութիւն այլեւս չկրկնուի», աւելցուցած է ան։
«Այս վիճակի ակունքում է մեր իրողութեան մէջ ամենավտանգաւոր մտայնութիւնը՝ հարցերը լուծել բռնութեամբ եւ ուժի կիրառմամբ: Այս մտայնութեան հետագայ զարգացումը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներով հէնց մեր երկրի եւ պետականութեան համար:
Հայաստանում բռնի ուժով, յարձակումով եւ պատանդ վերցնելով հարցեր չեն լուծուելու: Եւ դա երբեք մենք թոյլ չենք տալու: Այս իրավիճակի հանգուցալուծումը պէտք է լինի Հայաստանի եւ մեր հասարակութեան, պետութեան հասունութեան կարեւորագոյն քննութիւն:
Ոստիկանութեան պարեկապահակային գնդի տարածքը գրաւած զինեալներին կոչ եմ անում ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ իրենց սադրիչ գործողութիւններով չվտանգել ուրիշների կեանքը:
Պատանդները պէտք է ազատ արձակուեն: Զինուած խումբը պէտք է վայր դնի զէնքը: Հետագայ հանգուցալուծումը տեղի է ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքների խստիւ պահպանմամբ: Անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը կասեցուելու են օրէնքի ուժով:
Այո՛, Հայաստանում դժգոհներ շատ կան: Սակայն թող ոչ ոք չսխալուի եւ չմտածի, որ կարող է որեւէ առիթ կամ պատճառ շահագործել մեր պետականութեան հիմքերը քայքայելու համար», ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Ան յորդորած է Հայաստանի հանրութեան բոլոր ներկայացուցիչները՝ իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները օգտագործելու բացառապէս խաղաղ եւ օրէնքի ծիրին մէջ: «Յորդորում եմ նաեւ, որ տուրք չտան ծայրայեղ քայլեր եւ սադրանքներ հրահրող անձանց առաջարկներին եւ գաղափարներին: Դա յղի է նոր մարդկային կորուստների լուրջ վտանգով: Յորդորում եմ, որ իւրաքանչիւր ոք գիտակցի այդ սադրանքներից եւ ծայրայեղ քայլերից բխող իրական վտանգները: Յանձնարարում եմ ձեզ՝ իրաւապահ մարմինների ղեկավարներիդ, որպէսզի ձեր գործունէութիւնը շարունակէք իրականացնել խստագոյն զսպուածութեամբ՝ օրէնքի շրջանակներում», յայտարարած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ պէտք է շարունակել կարելի բոլոր միջոցներու դիմել՝ իրավիճակին վերջնական եւ խաղաղ հանգուցալուծման համար: Ան կոչ ուղղած է զինեալ խումբին՝ ժամ առաջ վար դնելու զէնքը։
«Մենք գործում ենք եւ գործելու ենք համբերատար: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացու կեանքը եւ առողջութիւնը թանկ է մեզ համար: Մենք չենք գնացել այսպիսի իրավիճակներում դասական համարուող ճանապարհով: Սրանով մենք հնարաւորութիւն ենք տուել զինուած խմբին յետքայլ կատարելու համար: Յոյսով եմ, որ նրանք կը սթափուեն:
«Բայց մենք իրաւունք չունենք թոյլ տալու, որ մեր ողջ հանրութիւնն այս լարուածութեան պատանդը դառնայ:
«Կարծում եմ, որ այս իրավիճակն արդէն աւելի երկար է տեւում, քան մենք կարող ենք մեզ թոյլ տալ: Ապրիլ ամսից դեռ այնքան շատ ժամանակ չի անցել, որպէսզի մեր հասարակութիւնն իրեն թոյլ տայ մոռանալու տեղի ունեցածի մասին:
«Մէկ անգամ եւս բոլորիս զգօնութեան եւ զսպուածութեան կոչ եմ անում՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, յանուն մեր ժողովրդի ապագայի», խորհրդակցութեան ընթացքին ըսած է Հայաստանի նախագահը։