Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 96րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Յուլիս 15էն 17, Նիւ Ճըրզիի «Մարիոթ Փարք Ռիճ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ շրջանի «Ակնունի», «Սպիտակ», «Շաքէ» եւ Պերկըն Քաունթիի մասնաճիւղերուն:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքը ու կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարեշրջանին համար: Զանազան շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն: Նորընտիր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝ Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի), Սանտրա Վարդանեան (Նիւ Եորք), Մարկըրէթ Պապիկեան-Մետինա (Նիւ Ճըրզի), Մարի Անն Պոնճուքլեան (Նիւ Ճըրզի), Սոնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք), Սիլվա Սաղրեան (Տիթրոյիթ), Ճօաննա Չիլինկիրեան (Մեսեչուսեց):