Կիրակի, 17 Յուլիսին, Պոսթընի Ուաթըրթաուն շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ յիշատակը Լիզպոնի հինգին, որոնք 33 տարիներ առաջ նահատակուեցան Հայ Դատի եւ արդարութեան ու պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ։
Ձեռնարկը կազմակերպած էր շրջանի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հարիւրի շուրջ ներկաներ խմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ ներկայացուցիչ Ճաշ Թեվէքէլեան:
Ապա, Թեվէքէլեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբերը, «Հայրենիք»ի եւ անգլերէն բաժինի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի յօդուածագիր Ռուբէն Ճանպազեանը, որ դիտել տուաւ, թէ 33 տարիներ ետք Լիզպոնի հինգին պատգամը տակաւին վառ կը մնայ բոլորին միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ՝ հաստատելով, որ անոնց յիշատակին կազմակերպուած այս հաւաքը առիթ մըն է վերանորոգուելու անոնց փոխանցած կտակով եւ վերահաստատելու, որ նոր սերունդները եւս պիտի շարունակեն պահանջատիրական ուղին: Ան ըսաւ. «Կ՛ուզեմ կեդրոնանալ հինգ հայ երիտասարդներուն՝ Սեդոյի, Սիմոնի, Սագոյի, Արայի եւ Վաչէի նուիրուածութեան եւ այդ նուիրուածութեան ընդմէջէն մեզի հասնող դասերուն վրայ: Պատմութիւնը լաւ գիտէք. Յուլիս 27, 1983, Փորթուկալի Լիզպոն մայրաքաղաք. թրքական դեսպանատունն ու թուրք դեսպանի բնակարանը եղան կիզակէտը աշխարհի ուշադրութեան: Հայկական Յեղափոխական Բանակի հինգ հայ երիտասարդներու գործողութիւնը Հայ ժողովուրդի արդար դատն ու պահանջատիրութիւնը միջազգային բեմ բարձրացուց: Աշխարհ լաւ գիտցաւ թէ հայ ժողովուրդը ըսելիք ունէր… Շատեր Լիզպոնի հայ տղոց գործողութիւնը կը մեկնաբանեն որպէս ծայրայեղութիւն կամ ահաբեկչութիւն, սակայն, ինչպէս տղաքը հաղորդեցին նախքան իրենց մեկնումը. «Անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ խելագարութիւն, այլ՝ մեր զոհողութիւնը ազատութեան բագինին»:
Ձեռնարկի աւարտին, եկեղեցւոյ հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան, որ նախապէս կատարած էր հոգեհանգստեան պաշտօնը, անգամ մը եւս խօսք առնելով յայտնեց, թէ այս հինգ հերոսներուն կատարածը անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր, որ նոր ուժ փոխանցեց հայ ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ Դատի երկար ճամբուն վրայ: Ապա, աղօթքով աւարտեցաւ հաւաքը, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն: