ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մոուրինէօն յայտարարած է, որ իր խումբին մէջ կան 5 վիրաւոր մարզիկներ, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ մասնակցիլ «Մանչեսթըր Սիթի»ի հետ 10 Սեպտեմբերին կայանալիք հանդիպման: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տը Միրըր»ը:
Մարզիչը յայտնած է, որ բոլորն ալ կրնան դաշտ ներկայանալ, թէեւ լաւ պիտի ըլլար, եթէ անոնք շաբաթ մը առաջ մարզուելու սկսէին։ Հենրիխ Մխիթարեանին մասին ան տեղեկացուցած է, որ ապաքինումի ընթացքին մէջ է: «Տակաւին չեմ կրնար ըսել, որ ան պիտի կարենա՞յ 90 վայրկեան մնալ մարզադաշտին վրայ, սակայն անպայման կրնայ օգնել խումբին», հաստատած է ան։
Մխիթարեան, իր կարգին, Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է, որ կ՛ուզէ մասնակցիլ խաղին։ «Դժուար աշխատանքի ու պրոֆեսիոնալիզմի հիմքում ընկած է այն փաստը, որ ես սիրում եմ ֆուտբոլը: Վստահ չեմ, որ կը կարողանամ մասնակցել դերբիին, բայց ես մոտիվացուած եմ ինչպէս միշտ եւ պատրաստ եմ հնարաւորինս շուտ լաւ մարզավիճակ ձեռք բերել», գրած է Մխիթարեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երկրպագուներուն՝ աջակցութեան ու բազմաթիւ նամակներուն համար: