ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի Հանրային խորհուրդը յայտարարած է, որ կը քննարկուի Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին ընդառաջ համաներում յայտարարելու հարցը, որ ի զօրու պիտի ըլլայ նաեւ յուլիսեան դէպքերուն պատճառով բանտարկուած կարգ մը անձերու համար։ Այս հարցը ներառուած էր փոքր խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ։
«Հնչել են տարբեր կարծիքներ ու տեսակէտներ, որոշուել է հարցն աշխատանքային կարգով լրացուցիչ քննարկել եւ կրկին ներկայացնել յաջորդ շաբաթուայ մէջ կայանալիք Հանրային խորհուրդի փոքր խորհրդի նիստին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Անկախութեան 25ամեակին առիթով, նիստին առաջարկուած է նաեւ կոչով դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներուն՝ այդ օրը՝ 21 Սեպտեմբերին, միասին հանդէս գալու՝ ի նշան ազգային համերաշխութեան եւ միասնութեան:
Խորհուրդը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականին, քննարկած է տարբեր հարցեր, որոնց կարգին՝ տնտեսութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ առկայ խնդիրներ: