– Թուրքիոյ մէջ անգործութեան մակարդակը կը շարունակէ աճիլ՝ հասնելով 11.3 տոկոսի: 15-24 տարեկաններու մօտ անգործութիւնը հասած է 19.9 տոկոսի:
– Եւրոպական Միութիւնն ու Քուպան իրենց յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ ստորագրած են համաձայնագիր մը, որ պիտի դառնայ երկկողմանի յարաբերութիւններու հիմք: Անիկա կը նախատեսէ քաղաքական երկխօսութիւն եւ երկկողմանի համագործակցութեան բարելաւում։