ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Պիրկիւն» լրատուական կայքը հրապարակած է ամերիկացի քաղաքական մեկնաբան Մայքըլ Ռուպինի մէկ յօդուածը, որուն մէջ վերջինս կը պնդէ, թէ Թուրքիա մասնատուելու սեմին կը գտնուի։
Թերթը կը նշէ, թէ Ռուպին, որ նաեւ կանխատեսած էր Յուլիս 15ի զինուորական հարուածի փորձը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կը բաղդատէ Եթովպիոյ, Սուտանի, Փաքիստանի հետ, որոնք մասնատուելով՝ առաջնորդեցին նոր երկիրներու՝ Էրիթրիոյ, Հարաւային Սուտանի եւ Պանկլատեշի հիմնադրման։
Հեղինակը կ՛ընդգծէ, որ բոլոր այս պարագաներուն, բաժանման նախորդած են երկարատեւ ներքին պատերազմներ՝ խլելով հազարաւոր զոհեր, մինչեւ փաստացի քաղաքական բաժանումը, որմէ առաջ իսկ բնակչութեան միջեւ հոգեբանական մասնատում սկսած էր արդէն։
«Նոր սերունդի թուրքերը, քիւրտերը կը նկատեն՝ եթէ ոչ թշնամի, ապա ամէն պարագայի՝ օտար։ Թուրքերու մեծամասնութիւնը, որ կը նախընտրէ արեւմտեան ապրելակերպ, ոտք իսկ չէ դրած քրտաբնակ հարաւարեւելեան շրջաններէն ներս, իսկ այդ շրջանները բնակող քիւրտերուն մեծամասնութիւնը երբե՛ք պիտի չայցելէ Անթալիա, Պուրսա, Իզմիր։ Թուրքիա հոգեբանական բաժանումի գործընթացի մէջ է։ Նոյնիսկ Էրտողանը հասկցաւ, որ նման բաժանում անխուսափելի՛ է։ Ատիկա հասկնալի է նաեւ այն հանգամանքէն, որ երկրի տնտեսական զարգացման ծրագիրներէն դուրս բերուեցան քրտական շրջանները», կը գրէ Ռուպին։
Հեղինակը նաեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Էրտողան քիւրտերու դէմ կը վարէ շատ խիստ քաղաքականութիւն մը, ապա յօդուածը կ՛եզրափակէ հետեւեալ տողերով. «Թուրքերը պէտք է հաշտուին իրականութեան հետ։ Թուրքիա այժմ մասերու բաժնուած է։ Պետութեան սահմանները շուտով փոփոխութեան պիտի ենթարկուին։ Առայժմ միայն յայտնի չէ, թէ երկու անջատ պետութիւննե՞ր պիտի ստեղծուին, կամ դաշնակցային կարգավիճակ պիտի հաստատուի»։