ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ժողովրդավար հասարակութեան մէջ կուսակցութիւնները, իրենց էութեամբ ու ծագման դրդապատճառներով, կոչուած են դառնալու առաջատար ուժը եւ նախատարերքը ընկերային կեանքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հիմքը՝ քաղաքական համակարգի կառուցումին: Այդ համակարգին արդիւնաւորութիւնը մեծ չափերով կախեալ է այն հանգամանքներէն, որոնցմով կը բնորոշուին կառուցային կապն ու յարաբերութիւնները՝ պետութեան ու կուսակցութեանց միջեւ:
Կուսակցութիւնները կը ստեղծեն այն միջավայրը, ուր կը նախապատրաստուի, կը կազմաւորուի ու յառաջ կը մղուի արժանաւոր ղեկավարներու տարրը: Այդ միջավայրին մէջ կը նախաձեռնուի բնակչութիւնը քաղաքականօրէն դաստիարակելու գործը: Անոնց խթանովն է, որ քաղաքացիները երկրի կառավարման ընդհանուր համակարգին մէջ իրենց մասնակցութեան բաժինը կը ստանձնեն: Նաեւ՝ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեանց շնորհիւ առիթ կը տրուի ընտրազանգուածին, որ քուէի ճամբով փոխարինումի իր ընտրանքը կարենայ կատարել:
Բոլորովին տարբեր հոլովոյթով զարգացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտը: Տարբեր՝ յարաբերաբար նոյնիսկ կազմալուծուած Խորհրդային Միութեան միւս երկիրներուն, ուր իշխանութեան գլուխ եկան համայնավար կուսակցութեան մէջ թրծուած մարդիկ (գնահատում չէ, որ կը տրուի, այլ պարզ հաստատում մը կը կատարուի): Մինչդեռ Հայաստանի պարագային, անցումային շրջանի շփոթին մէջ իշխանութեան աթոռները գրաւեցին ղարաբաղեան շարժումի պարագլուխներ կամ կռուի ճակատներուն վրայ թէ ճակատներու ետին անուն վաստակած գործիչներ, որոնք՝ կազմակերպականօրէն եւ իբրեւ անհատականութիւն, չէին կազմաւորուած որեւէ կուսակցական դպրոցի մէջ, ուր որոշ չափով կը տիրէ սկզբունք, կայ վերանորոգուելու մեքենականութիւն, յօգուտ քաղաքացիներուն աշխատելու ձգտում, իրար հանդուրժելու մթնոլորտ եւ ժողովրդավարութեան նախապայմանը հանդիսացող՝ հարցերը տարբեր մօտեցումով ու ըմբռնումով դիմագրաւող մարդոց հետ կենակցելու-գործակցելու վարժութիւն:
Զարտուղի այս հոլովոյթին հետեւանքը եղաւ այն, որ շարժումին մէջ որոշ դերակատարութիւն ունեցած, բայց եւ այնպէս իշխանութեան շոգեկառքին չհասած անձեր մրցումի ելլեն, իրենք ալ իրենց բախտը փորձեն, որով եւ Հայաստանի քաղաքական հրապարակը խճողեն կուսակցութիւններով: Կուսակցութիւններ, որոնք՝ զուրկ կազմակերպական փորձէ ու յենարանէ, պայմանաւորուեցան անձերով ու պատկանեցան անձերու, եւ ոչ՝ հակառակը:
Կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ կուսակցութեանց դիմագրաւած մարտահրաւէրները ըստ էութեան առնչուած եղան նոյնինքն ժողովրդավարութեան ու ժողովրդավար համակարգի կառուցման հետ: Այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին մէջ արձանագրուած թեթեւակի առաջընթացը դարմանում չբերաւ բացասական կացութեան:
Ի՞նչ ըսել կ՛ուզենք:
Լայն իմաստով, կուսակցութեանց գլխաւոր առաջադրանքը, եթէ կ՛ուզէք՝ նոյնիսկ առաքելութիւնը կը կայանայ այն ձգտումին մէջ, որ կը նպատակադրէ քաղաքացիները ներգրաւել երկրի քաղաքական համակարգին մէջ: Անոնք իրենց կազմակերպական կառոյցով եւ ժողովրդավար ներքին կանոններով ունին առանձնաշնորհումը՝ ստեղծելու նպաստաւոր ենթահող, ուր ընկերային տարբեր շահերու հետամուտ, յաճախ նաեւ մրցակից խաւեր միեւնոյն միջավայրին մէջ իրարու կը բախին, ուր հակոտնեայ խնդիրներ «հարկադրաբար» կը լուծուին, իրարու կը ներդաշնակուին, բիւրեղանալով կը վերածուին մէկ յայտարարի եւ կը դառնան քաղաքական պահանջ ու քաղաքականութիւն: Այս գործընթացն է նաեւ, այսինքն ներկուսակցական յարաբերութիւններն են, որոնք կը ճշդորոշեն տուեալ կուսակցութեան բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը: Այնպէս որ, կուսակցութեանց կառոյցն ու մեքենականութիւնը պայմանաւորող ներքին կանոնագրութիւնը մեծ նշանակութիւն ունին քաղաքացիի ընկերայնացումին մէջ: Ընկերայնացում, որ պէտք չէ ըմբռնել անհատի քաղաքականացման սեղմ իմաստով, այլ շատ աւելի ընդհանուր ու լայն՝ քաղաքակրթական հասկացողութեամբ ու պարունակով, քանի որ ներկուսակցական յարաբերութիւնները, գործերը վարելու, որոշումները կայացնելու եւ գործադրելու եղանակը, մէկ խօսքով՝ կուսակցութեանց բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը դուրս կու գան կուսակցական սահմանափակ միջավայրէն, կը ներգործեն հասարակութեան վրայ՝ ստեղծելով ուրոյն մշակոյթ, որ քաղաքականէն շատ աւելին է եւ կը տարածուի ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն ու արտայայտութեանց վրայ:
Հակադարձաբար, կազմակերպական խարիսխէ ու ժողովրդավար հիմունքէ զուրկ կուսակցութիւնները պարզապէս կը վերածուին մեքենականութեան մը, որ ղեկավար դասին դիրքերը կը պահպանէ եւ անոր համար իշխանութեան աթոռներ կը փորձէ ապահովել: Կը հաստատուի ընտրեալներու եւ հրահանգողներու գերիշխանութիւն՝ ընտրողներու եւ հրահանգուողներու վրայ: Հետզհետէ կը ստեղծուի քաղաքական այնպիսի մշակոյթ, որուն պայմաններուն տակ աստիճանաբար կը ձեւաւորուի անձնիշխանութեամբ գործող համակարգ՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ, իշխանութեան աստիճանակարգի ամէն մէկ սանդխամատին՝ գերադասէն դէպի ստորադասը:
Ահա թէ ինչո՛ւ գործող կուսակցութեանց համար վճռականօրէն կարեւոր է, որ ունենան ժողովուրդին մէջ տարածուած կազմակերպական ցանց եւ ժողովրդավար կանոնագրութիւն, որոնցմով պիտի բացայայտուին կուսակցութեան նպատակները, ընտրանքները, սկզբունքները, քաղաքական ու ընկերային տեսլականները, որոնք, ամէն պարագայի, անհրաժեշտաբար պէտք է համապատասխանեն երկրի սահմանադրութեան հրահանգներուն:
Հայաստանի մէջ զարտուղի երեւոյթ պարզեց նաե՛ւ կուսակցութեանց կազմութեան ու կազմաւորման հոլովոյթը: Կուսակցութիւններ յառաջացան սահմանադրութեան բացակայութեան: Ենթակայ՝ ընտրական օրէնսդրութեան եւ Ազգային ժողովի հաստատած կանոններուն, որոնք խորքին մէջ կը միտէին միջամտել, հակակշիռ բանեցնել կուսակցութեանց վրայ եւ սահմանափակել գործելու անոնց կարողականութիւնը:
5 Յուլիս 1995ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրութիւնը չբարելաւեց կացութիւնը: Ընդհակառակն. նախագահին վրայ կեդրոնացուց իշխանութիւնը, անոր տուաւ ժողովուրդի սպասումներուն արտայայտիչը ըլլալու հանգամանք, որով եւ ան դարձաւ ներքին խմորումները դասաւորող քաղաքական խաղին միակ տէրը:
Երկրորդ նախագահի՝ Ռ. Քոչարեանի օրով, վերամշակուած սահմանադրութիւնը նշանակալի փոփոխութիւն չբերաւ: Ազգային Ժողովի 131 պատգամաւորներու թիւին 56 կամ այս թիւին մօտ աթոռները շարունակեցին վերապահուիլ անհատ թեկնածուներու, ինչ որ կը նշանակէր ստուերի մէջ թողուլ ու խափանել այդ ժողովին ներկայացուցչական հանգամանքը: Կը նշանակէր տակաւին՝ սեփական շահերու քաշքշուքին յանձնել երկրի օրէնսդրական դաշտը:
Գիտակից քաղաքացին կ՛անդրադառնայ, որ անհատ գործիչները միայն իրենց անձը կը ներկայացնեն եւ կ՛առաջնորդուին սեփական շահերով կամ իրենց թիկունքին կանգնող մարդոց պատուէրով: Ենթակայ են ժամանցումի (expiry date), որով եւ կը գործեն այդ մղումով: Չունին հաշուառու եւ իրենց քայլերը ուղղորդող ու հակակշռող կուսակցական-կազմակերպական խարիսխ: Մինչդեռ ժողովրդավար համակարգի մէջ, սահմանադրական իրաւունքով ու պարտաւորութեամբ, կուսակցութիւնները կը հանդիսանան միջնորդ-կամրջող օղակը պետութեան ու քաղաքացիներուն, այսինքն՝ ընտրազանգուածին միջեւ, իւրաքանչիւրը իր ուժին ու գրաւած դիրքին համեմատ: Մեծամասնութիւնը՝ իշխանութեան, իսկ փոքրամասնութիւնը՝ ընդդիմադիրի ու հակակշռողի դիրքերէն: Իրենց այս հանգամանքովն ալ անոնք կ՛արտայայտեն ժողովուրդին կամքը ոչ միայն Ազգային ժողովի կազմութեան տուեալ պահուն, այլ տեւաբար՝ պետութեան բոլոր գործերուն ու օղակներուն մէջ: Այս ձեւով կ՛ապահովուի նաեւ քաղաքացիներու գործակցութիւնը, այնքան անհրաժեշտ՝ պետական ծրագիրներու եւ կառավարութեան նախաձեռնութիւններու յաջողութեան համար:
Այս տեսակէտէն, Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքը չէին արտօներ, որ գործող կուսակցութիւններէն նոյնիսկ բոլոր տուեալները ամբողջացնողն ու ամէնէն յուսալին կարենար կենսագործել միջնորդի էական դերը՝ ժողովուրդին ու պետութեան միջեւ: Ատոր հետեւանքով ալ՝ քաղաքացիին օտարացումը կուսակցութիւններէն, նաե՛ւ՝ պետութենէն: Լաւագոյն պարագային քաղաքացին անոնց պիտի դիմէր, երբ «շնորհ» մը ստանալու ակնկալիքն ունենար: Հասկնալի է, որ «շնորհ» բաշխելու գործին մէջ ջերմեռանդօրէն առատաձեռն կ՛ըլլան քաղաքական անհատ գործիչները, իրենց անձնիշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Եւ այսպէս, «շնորհ» տալու-առնելու ոլորապտոյտին մէջ պիտի զարգանար խաթարուածութեան «մշակոյ»չ (կոռուպցիա)՝ բոլոր հետեւանքներով:
Քաղաքական կուսակցութեանց հանդէպ պետութեանց կեցուածքը ընդհանրապէս անցած է չորս փուլերէ: Նախ՝ ընդդիմութիւն ու պայքար անոնց դէմ, յետոյ՝ անտեսում, ապա՝ ճանաչում-օրինականացում, ի վերջոյ՝ միաւորում պետական համակարգին:
Մինչեւ 1998 թուական կուսակցութեանց նկատմամբ հայրենի պետութեան կեցուածքը կը գտնուէր առաջին փուլին մէջ՝ հակադրութիւն ու պայքար անոնց դէմ: Թէեւ օրէնքով արտօնուած էին անոնք, բայց եւ այնպէս կը հանդուրժուէին միայն այնպիսիները, որոնք նախագահին կամ անոր հովանաւորեալներուն ընտրական յենարանը կը կազմէին: 1998էն այդ յարաբերութիւնները թեւակոխեցին երկրորդ փուլ՝ անտեսում (յիշենք Ռ. Քոչարեանի «ժողովուրդն է իմ կուսակցութիւնը» անորոշ կարգախօսը եւ կուսակցութեանց ապրած ներքին ճեղքերը, որոնք անտեսման վարքագիծի բացասական հետեւանքներն էին):
Նոր սահմանադրութեամբ, խորհրդարանական համակարգի անցումով՝ կարեւոր նախաքայլ մըն է որ կը կատարուի: Կարելի է որոշ վերապահութիւններով ըսել, թէ կը գտնուինք երրորդ ու չորրորդ փուլերու արանքին, այսինքն ճանաչումէն դէպի «պետութիւն-կուսակցութիւններ» միաւորումի վերջին հանգրուանին կը թեւակոխուի: Ասիկա չի նշանակեր, որ ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէ, սպասումները պիտի իրականանան, իտէալականը պիտի իրագործուի: Այնքան միամիտ պէտք չէ ըլլալ՝ կարծելու համար, թէ մէկ օրէն միւսը պիտի նուաճուի իտէալական համակարգի հանգրուանը: Սակայն ենթադրելի է (եւ մաղթելի), որ վերջ կը գտնէ այժմու խայտաբղէտութիւնը եւ հետզհետէ կը յստականայ Հայաստանի քաղաքական դաշտը, աւելի մեծերու մէջ կը ձուլուին-լուծուին մանր-մունր կուսակցութիւնները, մինչեւ որ երկիրը օժտուի սակաւ, այլ ընկերային հակուածութեամբ ու գաղափարական առումով իրարու մօտ բազմատարր կուսակցութիւններով (օրինակ՝ կեդրոն, աջ-կեդրոն, ձախ, պահպանողական-ազատական-յառաջդիմական եւ այլն): Մինչ այդ, սակայն, խարխափումնե՞ր՝ անպայման:
Ամէն երկիր ու ժողովուրդ իր կեանքի պայմաններէն բխող զարգացման ներքին տրամաբանութեան մը հոլովոյթին ենթակայ է՝ բարձրանալու համար քաղաքակրթութեան աստիճաններէ: Հայրենի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը գտնուի այն սանդխամատին վրայ, ուր տակա
=================================================================
Յակոբ, Այտա, Լոռի Եւ Րաֆֆի Տաքէսեաններ
Կը շնորհաւորեն իրենց հարազատներն ու ընկերները, Մաղթելով Առողջութիւն եւ Յաջող Տարի
==========================================================
Օսկօ Եւ Երան Կիրակոսեան եւ զաւակները Զապէլ, Նաթալի, Ճորճ եւ Քրիսթին
Ուժ, Կորով Եւ Համբերութիւն՝ Իրենց Ծննդավայրին Մէջ Վերապրելու Պայքար Տանող Սուրիահայութեան
=========================================================
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի Եւ Համայն Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Ճորճ եւ Պարպարա Աղազարեան Վենքուվըր, Գանատա
Best Wishes for peace and joy
This Holiday Season and
A New Year of Health,
Happiness and Prosperity
George & Barbara Agazarian
Vancouver, Canada
========================================================
Ի Յիշատակ Շաւարշ Եւ Նազիկ Տէմիրճեաններուն
In Loving Memory of Shavarsh & Nazik Demirdjian
=======================================================
ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Լաւագոյն Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն Բոլորի Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը