2016ը եղաւ ոստիկանական հսկողութեան, ոճրափորձերու, իսլամ ծայրայեղական զանգուածային բռնարարքներու, վախի ժամանակաշրջան, որուն զուգահեռ ընթացան ապատեղեկատուութիւնն ու իրականութեան ձեւազեղծումը, ձախող կառավարիչներու եւ անոնց հետ նոյն շահերը պաշտպանող լրասփիւռներու մեղսակցութեամբ:
Ծայրայեղ Իսլամ
Ծայրայեղ իսլամի գործողութիւնները գրաւեցին միջազգային լրասփիւռներու հարթակները: Որքան որ մէկ կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ծայրայեղ իսլամականներու գործողութիւնները լուսարձակի տակ առնուեցան, որքան որ Փութինի, Պաշար Ասատի տիպարները իբր բռնակալ նախատուեցան եւ մեղադրուեցան, նոյնքան ալ անպարտ մնացին՝ Էրտողան, Ալիեւ, ինչպէս Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Եգիպտոսի, Եմէնի պետական մարդիկ, որոնց անունը անգամ տարածուած չէ:
Եւրոպան՝ «Իսլամական պետութեան» հարուածներէն զերծ չմնաց. առաջինը՝ Պրիւքսէլ, երկրորդը՝ Ֆրանսայի անկախութեան օրը՝ Նիսի մէջ, մահաբեր բեռնակառքով ոճիրը եւ Դեկտեմբերին՝ Պերլինի տօնավաճառին նոյն տիպի գործողութիւնը:
Արեւմուտք
Ձախողած ղեկավարումները արագացուցին եւրոպական երկիրներու մէջ պահպանողական հոսանքներու յայտնութիւնը: Ինչպէս Պրեքսիթը՝ Եւրոպական Միութենէն Անգլիոյ անջատումը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի ընտրութիւնը, որ խոստացաւ մեքսիական պատի շինութիւնը, գաղթականներու երկիր մուտքի կասեցումը, մինչեւ Ֆրանսայի աջակողմեան թեւի նախնական ընտրութիւնները, ուր պահպանողական աջը շահեցաւ…
Հալէպ
2016ի միջազգային իրադարձութիւններու գլխաւոր խորհրդանիշ կրնայ հանդիսանալ Հալէպը, որ Ծոցի երկիրներու, Թուրքիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի մեծագոյն պետութիւններու շահերու բախումին կիզակէտը հանդիսացաւ: Հալէպի ազատագրումը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբերին, Ռուսիոյ, Իրանի, Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ բանակի միացեալ ուժերով:
Հայկական թաղամասերը, որոնք չորս տարիէ ի վեր անդադար յարձակումի եւ ռմբակոծումի կ՛ենթարկուէին ծայրայեղականներու կողմէ, գնահատեցին խաղաղ պայմաններու վերադարձը:
Թուրքիա
Թուրքիա շատ ինքնավստահ ու ճկուն կերպով շարունակեց իր ռազմական գործողութիւնները «Իսլամական պետութեան» զինեալները հարուածելու քօղին տակ՝ Սուրիոյ քրտական ջոկատներուն դէմ: Ռուսական միջամտութեան համակերպեցաւ, ստիպուեցաւ Մոսկուա երթալու եւ ներողութիւն խնդրելու վար առած ռուսական ռազմական օդանաւին համար: Իսկ ներքին ճակատի վրայ, Յուլիսի սկիզբի յեղաշրջումի ձախողած փորձի ծիրէն ներս լայնածաւալ կամայական բանտարկութիւններ՝ բանակայիններու, ոստիկաններու, դատաւորներու, ուսուցիչներու, լրագրողներու եւ պետական պաշտօնեաներու:
Երկրին արեւելքը ՓՔՔի զինեալները հալածելու քօղին տակ՝ Թուրքիա շարունակեց շրջանի քրտաբնակ քաղաքներու աւերումը, որուն զոհ գացին նաեւ թաքնուած հայեր եւ հայապատկան կառոյցներ, ինչպէս՝ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիները… Իսկ քաղաքական գետնի վրայ՝ ՀՏՓ կուսակցութեան շատ մը երեսփոխաններու խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը ջնջուեցաւ եւ շատեր բանտարկուեցան: Իսկ Կարօ Փայլան, իր հայութեան պատճառով՝ խորհրադարանին մէջ ենթարկուեցաւ խոշտանգումի:
Այս բոլորին իբր հակազդեցութիւն՝ Եւրոպական Միութիւնը կրցաւ միայն սառեցնել Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը:
Պոլսահայութիւնը վերջապէս համաձայնեցաւ եւ Պոլսոյ պատրիարքը հանգստեան կոչեց, ինչ որ դուռ կը բանայ պատրիարքական նոր ընտրութիւններու:
Հայաշխարհ
Գալով հայաշխարհին, Հայաստան անսպասելի երկու մեծ տագնապներ ապրեցաւ. առաջինը՝ Ապրիլի սկիզբը Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումն էր, երկրորդը՝ Յուլիսին «Սասնայ ծռեր» խմբակին կողմէ ՊՊԾի ոստիկանատան գրաւումը: Այս երկու իրադարձութիւնները քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական շատ ծանր հետեւանքներ ունեցան: Հայաստանի պաշտպանական համակարգի հզօրութեան ու անխորտակելիութեան առասպելը քանդուեցաւ՝ իշխանութեան տարիներով սնափառ սուտ յայտարարութիւնները ջուրի երես ելան: Յայտնի դարձաւ որ բանակը զինամթերքի արդիականացումի մեծ բաց ունի: Անոր հակալրտեսական ծառայութիւնը թերի է: Բանակային միջոցներու գողութեան ցանց մը յայտնաբերուեցաւ:
Երկրորդ տագնապը հարուածեց ՊՊԾի ոստիկանատունը, որուն զրահային միջոցները կատարեալ ըլլալով հանդերձ՝ խումբ մը գրեթէ անզէն ազատամարտիկներու կողմէ գրաւուեցաւ եւ որուն որպէս հետեւանք՝ ծայր առին հակաիշխանական ժողովրդային ցոյցեր:
Բանակ եւ ոստիկանութիւն՝ ուժային երկու կառոյցներ, որոնք իշխանութեան գոյատեւման հիմնասիւները հանդիսացած էին, երկուքն ալ թերիներով եւ տագնապներով յայտնուեցան: Իշխանութիւնը ժողովուրդին աչքին ծայր աստիճան վարկաբեկուած ըլլալով՝ առաջին հերթին բարձրաստիճան քանի մը պաշտօնեաներու պաշտօնէ հեռացումով փորձեց գոհանալ, բայց բաւարար չէր: Վերջապէս դիմեց նոր կառավարութեան ձեւաւորման, որուն համար պաշտօնի գլուխ հրաւիրուեցաւ Կարէն Կարապետեանը:
Միջազգային փոխյարաբերութիւններու մէջ, Հայաստան աւելի փարեցաւ Ռուսիոյ, արդիական նոր զինամթերք ստանալու համար եւ որուն փոխարէն ստիպուեցաւ ստորագրել ռուս-հայկական միացեալ զօրախումբ ստեղծելու պայմանագիրը:
Դրական գլխաւոր նորութիւնը՝ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք Ընտրութիւններու նոր օրէնսգիրքի որդեգրումն էր խորհրդարանին կողմէ, արեւմտեան պետութիւններու նիւթական եւ թեքնիք միջոցներու հայթայթումով: Գալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները ճակատագրական նշանակութիւն ունին, խորհրդարանական վարչաձեւի անցնելու առաջին քայլերը պիտի առնուին, եւ որուն համար ընտրարշաւը արդէն բացուած է: Պահը կարեւոր նկատելով՝ սփիւռքահայ արուեստագէտներ ալ շարժումի անցան՝ կոչ մը յղելով սփիւռքահայերուն, որպէսզի իբրեւ դէտ ներկայ գտնուին եւ ընտրութեան օրերուն հսկեն քուէարկութեան օրինաւոր ընթացքին:
Թէեւ 2016ի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններէն դարձեալ ՀՀԿն յաղթական դուրս ելաւ, հակառակ ժողովուրդին մօտ իր ունեցած ցած վարկին, սակայն տարուան սկիզբը՝ ՀՀԿ-ՀՅԴ գոյացած դաշինքը որեւէ կերպով չօգնեց՝ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն յաղթանակ ապահովելուն:
Լեռնային Ղարաբաղ
Ապրիլեան պատերազմին բերումով, ուղղակի Ղարաբաղի իշխանութիւններուն դրամատան հաշիւներուն գումարներու առաքումը նորութիւն էր: «Արցախի Հանրապետութիւն» անուանափոխութիւնը նոյնպէս նորութիւն էր իբրեւ որոշում: Սակայն, սահմանի բախումները կանխելու նպատակով՝ շփման գիծին վրայ սարքեր զետեղելու եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ապահովելու ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններու ջանքերը ապարդիւն մնացին:
Խորհրդարանական եւ քաղաքապետական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ այցելեցին Արցախ, արտայայտելու իրենց զօրակցութիւնը եւ աջակցելու անոր անկախութեան:
Հայ Դատ
Հայ Դատի հետապնդումը շատ յատկանշական պահեր ունեցաւ:
Առաջինը, որ 2016ի կարեւորագոյն երեւոյթն էր, Կարօ Փայլանի կողմէ թրքական խորհրդարանին մէջ, բեմին վրայ նահատակ գրողներու պատկերներու ցուցադրումն էր: Երկրորդը՝ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն էր: Երրորդը՝ Սիսի նստավայրը վերստանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին ներկայացուած դիմումն էր: Չորրորդը՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ «Քաղաքացիութիւն եւ հաւասարութիւն» օրինագիծի ընդունումն էր, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը: Ապա նաեւ Պապին այցելութիւնը Հայաստան, իր կողմէ դարձեալ Ցեղասպանութեան նշումը, եւ հուսկ՝ հակառակ տնտեսական ճգնաժամին Հայ Դատին համար Փարիզի մէջ 3.860.000 տոլարի հանգանակութիւնը:
Ֆրանսահայկական
Յարաբերութիւններ
Երկրորդ տարին ըլլալով նախագահ Հոլանտ մասնակցեցաւ CCAF-ի տարեկան ճաշին: 2017 Փետրուարին նախատեսուած երեկոյթը եւս պիտի վայելէ անոր բարձր հովանաւորութիւնը:
Պապին Այցելութիւնը
Պատմական եզակի երեւոյթ էր Ֆրանսիս պապին Հայաստան այցը, որ կարեւոր է հայութեան, հայկական մշակոյթին իր կողմէ տրուած քաղաքակրթական արժեւորումին պատճառով: Ան, իր այցելութիւնը կարեւոր նկատեց Հայաստան՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ երկիր: Եկաւ իբր ուխտաւոր: Եզակի գնահատական մը, բացառիկ համակրական կոչ մը ուղղուած համայն քրիստոնեայ աշխարհին՝ արժեւորելու համար հայութեան նպաստը քրիստոնէութեան:
Ափսո՜ս, որ անոր այցելութիւնը կատարուեցաւ ի բացակայութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի: 2015ին, պապը Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ հիւրընկալած էր երկու կաթողիկոսները միասնաբար:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»