(Ծնեալ՝ Դեկտ. 15, 1946ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Հրաչ Լուքասեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Glendale Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Քարմէն Լուքասեան
Դուստրերը՝ Անէթ եւ Հրաչ Փոսթիկ եւ զաւակները
Թալին ու Ռոնի Միրզայեանս եւ զաւակները
Քոյրերը՝ Ծաղկուշ եւ Ալֆրեդ Հաւան եւ ընտանիք
Զապէլ Պետրոսեան եւ ընտանիք
Քենին՝ տոքթ. Ֆրիդա Ջորդան
Քենին՝ Այլին եւ Ալեքօ Պօղոսխանեան եւ ընտանիք
Խնամիներն ու հարազատները՝ Փոսթիկ, Միրզայեանս, Ամիրխանեան, Ջորդան, Պօղոսխանեան, Պետրոսեան, Ղուկասեան ընտանիքներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenian Bone Marrow Donor Registry-ին (www.abmdr.am)։