ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915ին գործադրութեան դրուած էր Օսմանեան պետութեան կողմէ համայն աշխարհի եւ մեծ պետութիւններու ականետեսութեամբ: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը՝ տարեց տղամարդիկ ու կիներ, դեռատի աղջիկներ եւ մանուկներ, գաղթականութեան ցուպը իրենց ձեռքին՝ քալեցին շատ երկար, բռնեցին խաչելութեան ճանապարհը, համտեսեցին ոճրագործ եւ մարդասպան թուրքին ամենադաժան վայրագութիւնները, մաքառեցան Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ անօթի ու ծարաւ, պայքարեցան բնութեան բոլոր աննպաստ պայմաններուն դէմ, անոնցմէ շատ շատեր կորսնցուցին իրենց անմիջական հարազատները եւ մնացին առանձին, մանուկներուն մեծամասնութիւնը դարձաւ որբ՝ զուրկ ծնողական գուրգուրանքէ եւ խնամքէ: Այլ խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուեցան անտէր ու անտիրական գաղթական հայերու ծովածաւալ գաղթակայաններ եւ հայ որբերը հոգացող եւ մատակարարող անհամար որբանոցներ Սուրիա, Լիբանան, Երուսաղէմ, Յունաստան եւ Հայաստան: Այս որբանոցներէն մաս մը հովանաւորուեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ, իսկ մեծամասնութիւնը կազմակերպուեցաւ եւ մատակարարուեցաւ շատ մը երկիրներու մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս երկիրներէն մէկն էր Աւստրալիան, որ շուտով օգնութեան ձեռք երկարեց հայ գաղթականներուն եւ որբերուն:
1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք, Աւստրալիոյ մէջ հաստատուած էին քանի մը բարեսիրական կազմակերպութիւններ՝ օգնութեան հասնելու Միջին Արեւելքի գաղթական եւ տարագիր հայերուն եւ հայ որբերուն:
Նոյն նպատակով, 1917ի Մարտին, Մելպուռնի մէջ կը կատարուի նիւթական հանգանակութիւն: 1918ին, Սիտնի եւ Ատըլէյտ քաղաքներուն մէջ կը կազմուին օժանդակութեան յանձնախումբեր: 1919ին, Աւստրալիոյ Կարմիր Խաչի հիւանդապահուհիներ եւ քոյր Իզապէլ Հիւթըն Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայ գաղթականներուն օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն: 1920ին Օրօրա Մարտիկանեանի «Հոգիներու Աճուրդը» (Auction of Souls) ֆիլմը կը ցուցադրուի Աւստրալիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ: Այս պատճառ կը դառնայ, որ Աւստրալիոյ ժողովուրդը աւելիով օժանդակէ գաղթական հայ ժողովուրդին եւ հայ որբերուն:
Մելպուռնի արքեպիսկոպոս Հարինկթոն Լիսի հովանաւորութեամբ՝ 1922ին, նաւով մեծ քանակութեամբ ալիւր կ՛ուղարկուի Լիբանանի գաղթական հայերուն եւ որբերուն:
Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցի (ՄԱՆ) պատասխանատուները նկատի առնելով հայ որբերու արհաւիրքը՝ կ՛առաջարկեն իրենց գործակիցներէն վերապատուելի տոքթ. Լոյալ Լինքոլն Վիրթին, որ շուտով երթայ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա, որպէս նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ, արծարծելու համար Մերձաւոր Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ գտնուող հայ որբերուն իրավիճակը: Ան Աւստրալիա կը հասնի 5 Մայիս 1922ին:
Ան կը շրջի Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մեծ քաղաքները, կը խօսի նպաստամատոյցի առաքելութեան եւ հայ որբերու օգնութեան հրատապ մտահոգիչ վիճակին մասին:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հանդէպ Վիրթի արծարծած հարցերուն: Տքնաջան աշխատանքէ ետք ան հայութեան օգնութեան կեդրոններ կը հաստատէ զանազան տեղեր: Վերապատուելի Վիրթ այս երկու երկիրներուն մէջ կը յաջողի մեծ հանգանակութիւններ կատարել ի նպաստ հայ որբերուն եւ գաղթականերուն: Այս յաջողութիւններէն ետք ան կը հանդիպի նպաստամատոյցի պատասխանատուներէն Մաք Աֆիի հետ, եւ միասնաբար կ՛որոշեն որբանոց մը հաստատել Լիբանանի մէջ եւ յարմարագոյն վայրը կը նկատեն Անթիլիաս գիւղաքաղաքը: Ուստի, նպաստամատոյցը կը գնէ մեծ հողաշերտ մը Անթիլիասի մէջ, որ կը ներկայացնէր ջաղացք մը: Հողաշերտը ծովահայեաց էր, ունէր հոսող գիտակ մը եւ շրջապատուած էր նարինջի պարտէզներով: Ծովը շատ նպաստաւոր նկատուած էր, որովհետեւ որբերը յետագային պիտի լողային եւ զբօսնէին ծովեզերքը:
Հողաշերտին վրայ կը հաստատուի նպաստամատոյցի սեփական առաջին որբանոցը Միջին Արեւելքի մէջ: Մինչ այդ, նպաստամատոյցը արդէն գնած եւ սեփականացուցած էր Ճիպէյլի որբանոցին հողաշերտը: Անթիլիասի հողաշերտը հովանաւորուած էր Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի նուիրատուներով եւ հողաշերտը գնուած էր անոնց նիւթական մեծ նուիրատուութեամբ: Որբանոցը կը բացուի եւ հոն կը տեղաւորուին 1700 հայ որբեր, որոնք եկած էին Թուրքիոյ մէջ գտնուող շատ մը որբանոցներէ:
Անթիլիասի որբանոցը ունեցած է երեք տախտակաշէն հիւղակներ, որոնք ծառայած են որպէս ննջարան եւ դասարան: Հոն կը շինուին քանի մը փոքր շէնքեր: Այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն որբանոցի տղաքը: Անոնք ամէն օր իրենց ազատ ժամերուն ֆիզիքապէս օգտակար կը հանդիսանան, մասնաւորապէս կրելով աղիւս, քար, աւազ եւ երկաթ:
Անթիլիասի որբանոցին տնօրէն կը նշանակուին տէր եւ տիկին Քնուտսըններ՝ նորզելանտացի հրամանատար-գնդապետ Ժոն Հենրի Քնուտսըն եւ աւստրալիացի Լիտիա Քնուտսըն: Տիկին Քնուտսըն կը ծննդաբերէ Անթիլիասի մէջ 1923ին եւ կը բախտաւորուի տղայ զաւակով մը: Իրենց կը միանան շուտով Աւստրալիայէն տէր եւ տիկին Ըրնէսթ Պրայս եւ օրիորդներ՝ Հիլտա Քինկ եւ Կորտոն: Անոնք կու գան եւ անմիջապէս կը դառնան Քնուտսըններու աջ բազուկը եւ կ՛օժանդակեն որբանոցէն ներս տարուած բոլոր աշխատանքներուն:
Անթիլիասի որբանոցը կը վերածուի ուսումնական-կրթական հաստատութեան մը, ուր կը գործեն 40 ուսուցիչներ եւ արհեստավարժ անհատներ, ինչպէս նաեւ 40 մայրիկներ, որոնք կը հոգան որբերուն մատակարարումը՝ կերակուր, հագուստ, զանազան պէտքեր եւ լոգանքի սպասարկում: Աւստրալիայէն կը հասնի մեծ քանակութեամբ իրեղեն օժանդակութիւն՝ ուտեստեղէն, ալիւր, հագուստ, տնային պիտոյքներ, դպրոցական իրեր եւ մարզական պիտոյքներ:
Որբանոցը շուտով կը վերածուի նաեւ արհեստից վարժարանի համազոր հաստատութեան մը: Հոն որբերը կը սորվին 14 տարբեր արհեստներ եւ կը դառնան արհեստավարժներ: Անոնք կ՛արտադրեն մասնաւորապէս կօշիկ, կահկարասի եւ խեցեղէն առարկաներ: Այս բոլորը կը ծախուին տեղական շուկային մէջ եւ արտասահմանի զանազան շրջաններու մէջ: Կօշիկի արտադրութիւնը կ՛ըլլայ նպաստաւոր եւ գրաւիչ: Որբերը կօշիկի պատրաստութեան համար կը գործածեն աւստրալիական կաշի:
29 Մարտ 1925ին, Անթիլիասի գետին մէջ, երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոս կը կատարէ 43 որբերու հաւաքական մկրտութիւնը: Վեհափառը մեծ հուզումով որբերը երեք անգամ Անթիլիասի գետին մէջ կը մխրճէ եւ սրբալոյս միւռոնով կ՛օծէ զանոնք: Այդ առիթով Սահակ Բ. կաթողիկոս ըսած է. «1500 տարիներէ ի վեր մկրտութեան այսքան փառաւոր հանդէս մը երբեք տեղի չէր ունեցած մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ»:
Որբանոցին տնօրէններէն եղած են ամերիկացի պրն. Նաթայն, ապա՝ աւստրալիացի օրիորդ Կրենվիլ եւ պրն. Հենրի Պրաուն: 1925ին որբանոցին փոխտնօրէնը եղած է պրն. Վահան Մելիքեան: Այս թուականէն ետք որբանոցի ուսուցիչներ եղած են Վարդան Երամեան, պրն. Հեքիմեան, պրն. Դանիէլեան, Մ. Տօնապետեան եւ ուրիշներ:
Որբանոցը կը դառնայ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ազգային օճախ մը: Հոն կը կազմակերպուին ազգային տօնակատարութիւններ, գրական ասուլիսներ, մշակութային, երաժշտական եւ մարզական հանդէսներ: Մեծ շուքով կը կազմակերպուի Մայիս 28ի տօնակատարութիւնը: Որբերը կը ներկայացնեն թատերական կտորներ եւ կատակերգութիւններ:
Որբանոցը կ՛ունենայ նաեւ իր նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գրիգոր Յակոբեանի:
Անթիլիասի որբերէն եղած են՝ Հայկազուն Եափուճեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Երուանդ Եազըճեան, Հայկ Մաճառեան, Պօղոս Էնֆիէճեան, Արամ Ասատուրեան, Յարութիւն Մելքոնեան, Բենիամին Չաքմագճեան, Սամուել Անդրանիկեան, Սուրէն Անթոյեան, Փայլակ Թիթոյեան, Միհրան Թերզեան եւ Յովակիմ Հասըրճեան:
Անթիլիասի որբանոցը կը փակուի 1928ին: Որբերէն ոմանք մը կը նետուին շուկայի ասպարէզ եւ կ՛աշխատին գործարաններու մէջ, ուր կ՛օգտագործեն իրենց սորված արհեստները: Անչափահաս որբեր կը ղրկուին Լիբանանի մէջ գործող այլ որբանոցներ: Նպաստամատոյցը գործի ասպարէզ նետուող որբերուն որոշ շրջան մը կ՛օժանդակէ նիւթապէս: Որբանոցը փակուելէ ետք տէր եւ տիկին Քնուտսըններ կը վերադառնան Աւստրալիա եւ կ՛ապրին հոն Անթիլիասի որբանոցի յիշատակներով: Անթիլիասի որբանոցը 1930ին ի վերջոյ կը ծախուի Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան:
Սահակ Բ. կաթողիկոս իմանալով, որ Անթիլիասի որբանոցը պիտի ծախուի նպաստամատոյցի պատասխանատուներուն կողմէ, լայնածիր աշխատանքի կը լծուի Բաբգէն կաթողիկոսին հետ: Միասին կը դիմեն ամէն տեղ՝ ձեռք ձգելու համար որբանոցը, որպէս կաթողիկոսութեան նստավայր: Երկարաշունչ բանակցութիւններէ ետք, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը յաջողի, եւ 7 Ապրիլ 1930ին կը ստորագրուի Անթիլիասի կալուածներուն վարձակալութեան արձանագրութիւնները:
«Նիր Իսթ Ռիլիֆ»ը վարձու կու տայ Անթիլիասի որբանոցի կալուածները Սահակ Բ. կաթողիկոսին հինգ տարուան համար, տարեկան մէկ ամերիկեան տոլարի վճարումով՝ գործածելու համար զանոնք որպէս վարժարան՝ եկեղեցականներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան համար: Այս կարգադրութեամբ կաթողիկոսութիւնը կ՛ունենայ իր նստավայրը, նոր ու փայլուն ապագայի մը հեռանկարով: 13 Օգոստոս 1930ին, Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս կ՛ըլլայ առաջին անձը, որ ոտք կը դնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նոր նստավայրը:
Սահակ Բ. կաթողիկոս Հալէպէն Անթիլիաս կը փոխադրուի վերջնականապէս 23 Սեպտեմբերին, ղեկավարելու համար Սփիւռքի հայութիւնը եւ յատկապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանութեան տակ գործող թեմերու հայութիւնը: Սահակ Բ. կաթողիկոսի որոշումով կաթողիկոսարանի կալուածին մէջ տախտակեայ խոշոր տաղաւար մը կը փոխարկուի եկեղեցիի մը եւ կ՛անուանուի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցի:
1931ին Պէյրութի Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը փայտաշէն գեղաքանդակ հայրապետական գահ մը կը նուիրէ Սահակ կաթողիկոսին: Գահը կը զետեղուի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ: Անթիլիասի Մայր տաճարի շինութեամբ, այս հայրապետական գահը կը փոխադրուի Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցի: Անիկա մինչեւ այսօր կը ծառայէ իբրեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդական աթոռ: Իսկ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին 1938ին Սահակ կաթողիկոսին կողմէ նուէր կը ղրկուի Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքի գաղթական հայութեան: Թիթեղածածկ եկեղեցին նաւով Անթիլիասէն Թրիփոլի կը տարուի եւ կը զետեղուի Թրիփոլիի Մինայի շրջանը եւ այնտեղէն մինչեւ քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած հողը, սայլակներու վրայ, գաղթական հայերու օգնութեամբ:
1933ին կը կատարուի Սահակ Բ. կաթողիկոսի գահակալութեան 30 ամեակը Պէյրութի մէջ, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի նախագահ Շարլ Տեպպասի:
Այս առթիւ, Շարլ Տեպպաս, որպէս երախտագիտական կեցուածք Ամերիկեան նպաստամատոյցի կատարած հայ տարագիր ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութիւններուն հանդէպ, 12 մայրիներ նուէր կը ղրկէ ամերիկեան կառավարութեան: Այդ 12 ծառերը կը տնկուին Վիրճինիա նահանգին մէջ գտնուող Արլինկթըն գերեզմաննոցին մէջ: Ի պատասխան այս նուիրատուութեան՝ նախագահ Ռուզվելթի կինը շնորհակալական նամակ մը կ՛ուղարկէ նախագահ Շարլ Տեպպասի: Մինչեւ այսօր այդ գերեզմաննոցին մէջ կը տեսնուին այդ 12 մայրիները եւ յուշատախտակ մը:
2016ի Սեպտեմբերին Սիտնիի մէջ յատուկ տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ Քնուտսըն ամոլին տարած աշխատանքը եւ մարդասիրական գործունէութիւնը հանդէպ հայ որբերուն, մասնաւորապէս Անթիլիասի որբերուն: Այս հանդիսութեան տէր եւ տիկին Քնուտսըններու երկու թոռնիկները՝ Ճոն եւ Տէյվիտ Քնուտսըններ կը վերյիշեն իրենց մեծ հօր կատարած մարդասիրական աշխատանքները՝ հանդէպ Անթիլիասի որբանոցի հայ որբերուն:
2016ի Սեպտեմբեր ամսուն աւստրալիահայ Վիգէն Բաբգէնեան հրատարակեց «Armenia Australia and The Great War» գիրքը, ուր ան կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան, Անթիլիասի որբանոցի կազմակերպութեան եւ Աւստրալիոյ ժողովուրդին հայերու նկատմամբ կատարած մարդասիրական օժանդակութիւններուն մասին, մասնաւորապէս՝ Անթլիասի որբանոցի հայ որբերուն:
Աղբիւրներ՝
- Antilias: The Australian Orphanage, Near East Foundation, April 15, 2016
- Armenia Relief Fund of Australia, Armenian Genocide.com
- Barton, James L., Story of Near East Relief, New York, 1930
- Genocide Perspectives IV: Essays on Holocaust and Genocide, Viken Babkenian, Sydney, 2012
- Արեւմտեան Հայաստան կայք, էջ 6
- «Գառնիկ Բանեանի Յուշերը», մանկութեան եւ որբութեան գիրքը, Կարպիս Հարպոյեան, «Ազդակ», Փետրուար 2016
- «Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթ. Հայոց Կիլիկիոյ (1914-1972)», Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 1975
- «Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2015
- «Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութեան Որբերը, Որբանոցները Եւ Որբաշխարհը, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2015
- «Հայ Մանուկներու Եւ Անչափահասներու Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Տարիներուն, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2015
- «Հայ Որբերը՝ Մեծ Եղեռնի», Լիպարիտ Ազատեան, Լոս Անճելըս, 1995
- «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Օգնութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն եւ Որբաշխարհին, Խաչելութեան Ճանապարհը», Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ 2015
- «Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը (1915-1930)», Բիւզանդ Եղիայեան, «Դրազարկ» տարեգիրք, Անթիլիաս, 1970
- «Յուշամատեան. Ճիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցը 1920-1925», Պէյրութ, 1969
- «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի, 1915-1965», Գերսամ Ահարոնեան, «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 1965
- «Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ», Հայկազուն Եափուճեան, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2015
=============================================================
Թող Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Երջանկութիւն
Ու Արդար
Խաղաղութիւն
Պարգեւեն
Մեր Ժողովուրդին
Albert & Sona Shahinian
Utah
=================================================================
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի Առիթով
Լաւագոյնը Կը Մաղթենք Հայ Ժողովուրդին
Season’s Greetings
And Best Wishes
Tchakerian
Families
of Yozgat
==========================================================
Mousa Ler Association
Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւն
Կը Շնորհաւորէ
Բոլորին
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
==============================================================
Վահան եւ Նորա Պզտիկեան եւ ընտանիք
Թող 2017ը Բերէ Խաղաղութիւն
եւ Առողջութիւն
Dr. Onnig &
Mrs. Kristine
& Nareg Keshishian
Wishing all our
family and friends
health and prosperity
throughout the year
==================================================
FALAFEL ARAX
Wishing All Our Customers
In the Armenian
Community
A Merry Christmas
And A Happy New Year
5101 Santa Monica Blvd., Suite 2
Los Angeles, CA 90029
(323) 663-9687
===================================================
Ամանորի Այս Օրերուն
Մեր Մաղթանքն է,
Որ Հայրենիքի
Մեր Ժողովուրդը
Ժպիտով Դիմաւորէ
Գալիք Օրերը
«Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան»
Ազգային Մանկամսուր
=====================================================
Nova Automotive
Glendale, California
Mr. & Mrs.
Jirair & Rita
Keuroghlian
Merry Christmas
& Happy New Year
================================================
Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի
Մեծ Խորհուրդի
Եւ Սքանչելի Տօներուն Առիթով,
Սրտագին Կը Շնորհաւորենք
Մեր Միութեան
Անդամները, Համակիրները, Կամաւորները
Եւ Ազնուասէր Բարերաները,
Ինչպէս Նաեւ Հայրենիքի
Եւ Արցախի
Ու Աշխարհատարած
Ողջ Հայութիւնը
Մաղթելով Բոլորին Բարեբեր
Եւ Օրհնաբեր Տարի Մը,
Հայօրէն Ապրելու
Աննկուն Կամքով։
Լոս Անճելըսի
Իրաքահայերու
Ընտանեկան Միութիւն