ՏՐԱՊԻԶՈՆ, «Մարմարա».- Տրապիզոնի մէջ վերջերս կայացած է կիներու իրաւունքներուն մասին գիտաժողով մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ «Կիրեսուն» համալսարանի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռի ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Հիւլիա Ուղուր-Թանրըէօվեր ներկայացուցած է, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ սկսած է կիներու իրաւունքներուն համար պայքարը Թուրքիոյ մէջ։
Տեղական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ բանախօսը ընդգծած է, որ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարը Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկիզբ առած է հայ կիներու շնորհիւ։ Ըստ Թանրըէօվերի՝ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կիներու իրաւունքները կը պաշտպանէին հա՛յ կիներ, իսկ թուրք կիները հայ կիներէն սորված են պաշտպանել իրենց իրաւունքները։
«Մենք մեր իրաւունքներուն համար պայքարելու սկսած ենք տակաւին հանրապետական շրջանէն ալ առաջ։ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, կիները աւելի՛ շատ կը պայքարէին իրենց իրաւունքներուն համար, եւ յատկապէս հա՛յ կիներն էին, որոնք մեծ դեր ունէին այդ պայքարին մէջ», ըսած է Թանրըէօվեր։
Currently, 11% of members of parliament in Armenia are women. 17% of members of parliament in Turkey are women.Turkey had had a prime minister, Armenians would never think of it. About 59% of women in Armenia admit being victims of domestic violence.
And yet, we write articles like this to pat ourselves on the back. Good job!!!