ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Յունուար 5ին, խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթը աւարտեց հայերէն արտայայտութեամբ:
Փայլան առաջարկեց բոլորին միասնաբար շնորհաւորել Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն հնչեցնելով հայ հաւատացեալներուն կողմէ օգտագործուող «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս» խօսքերը:
Ելոյթին տեսագրութիւնը տեղադրուած է պատգամաւորի դիմատետրի էջին վրայ: