ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն կը բանակցի պատկան մարմիններուն հետ՝ 29 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կատարուած հետախուզական-ներթափանցման փորձին ընթացքին սպաննուած ատրպէյճանցի զինուոր Չինկիզ Ղուրպանովի մարմինը վերադարձնելու հարցին շուրջ:
Կարմիր Խաչի Ատրպէյճանի գրասենեակի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Իլահայ Հուսէյնովան յայտնած է, որ կառոյցը կապի մէջ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ:
Ըստ «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան՝ Իլահայ Հուսէյնովան յայտարարած է, որ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները հրապարակման ենթակայ չեն:
29 Դեկտեմբեր 2016ին ատրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մօտակայքը ձեռնարկած են հետախուզական-ներթափանցման փորձի, որուն իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական կողմէն 7 զինուոր մահացած է, իսկ Չինկիզ Ղուրպանովի դին մնացած է Հայաստանի սահմաններէն ներս։