ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա».- Նախագահ Էրտողան Քեչիէօրենի մեթրոյի բացման ընթացքին ելոյթ մը ունենալով, անդրադարձած է Թուրքիոյ անվտանգութեան հարցին ու ըրած ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Նախագահը երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մէջ կարեւոր նկատած է Նախիջեւանի ու անդրսահմանային կարգ մը հողատարածքներու դերը։
Էրտողան, անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերուն, նշած է, որ թրքական իշխանութիւններուն շատ լաւ յայտնի է երկրէն ներս ահաբեկչութիւններու եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ գործընթացներու միջեւ կապը։
«Եթէ մենք այդ սպառնալիքները տեղւոյն վրայ չկանխենք, այն ատեն մեր սեփական տան մէջ խաղաղ ու երջանիկ ապրելու կարելիութիւնը չենք ունենար։ Մենք ստիպուած ենք մեր երկրին ուղղուած սպառնալիքները արմատախիլ ընելու՝ իրենց ծագման օճախին մէջ։ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կը սկսի ո՛չ թէ Կազիանթէփի, այլ՝ Հալէպի մէջ, ո՛չ թէ Հաթայի, այլ՝ Իտլիպի, ո՛չ թէ Մերսինի, այլ Կիպրոսի, ո՛չ թէ Կարսի, այլ՝ Նախիջեւանի, ո՛չ թէ Արդուինի, այլ՝ Պաթումի, ո՛չ թէ Թրաքիոյ, այլ Պալքաններու մէջ։ Յիշեցէք ասիկա», յայտարարած է Էրտողան։