ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցին հետ կապուած աշխատանքը պիտի շարունակէ տարբեր ուղղութիւններով. այս մասին նշեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան։
Ան շեշտեց, թէ աշխատանքները քանի մը մասի բաժանուած պիտի ըլլան: Հիմնականին մէջ, անոնց նպատակն է եւրոպացի պատգամաւորներու եւ քաղաքական գործիչներու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախէն խորհրդարանական, քաղաքական ու հասարակական պատուիրակութիւններու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Եւրոպա:
«Այդ տեսանկիւնէն՝ 2016 թուականը բաւական աշխոյժ տարի մըն էր: Մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ այցելեցին Արցախ: Նոյնպէս Արցախէն դէպի Եւրոպա մեծաթիւ այցելութիւններ կատարուեցան: Նաեւ, Պելճիքա այցելեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Մեր գործունէութիւնը այս նոյն ոգիով պիտի շարունակենք՝ հիմնուելով անցեալ տարուան աշխատանքներուն վրայ», ըսաւ Տէմիրճեան:
Ան նկատել տուաւ, որ Արցախ կատարած իրենց այցելութիւններէն ետք, եւրոպացի պատգամաւորներուն տպաւորութիւնները կը փոխուին. անոնք լաւապէս տեղեկացուած կը վերադառնան այնտեղէն: Նման այցերու ընթացքին Արցախի իշխանութիւնները առիթ կ՛ունենան եւրոպական տարբեր շրջանակներու մօտ բարձրացնելու Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ բիրտ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին ապրելու իրաւունքին եւ պետականաշինութեան վերաբերող հարցեր:
Պետօ Տէմիրճեան նշեց, որ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն լուրջ հեռանկարներ կան: «Երկու ամիս առաջ, Պելճիքայի մէջ կազմակերպեցինք Արցախի նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը. այդ ուղղութեամբ կապի մէջ ենք տարբեր շրջանակներու եւ ճամբորդական ընկերութիւններու հետ: Աշխատանք կը տանինք, որ զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւնները իրենց փաթեթներուն մէջ ներառնեն Հայաստանն ու Արցախը՝ փորձելով խթանել Արցախի զբօսաշրջութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ հայկական կողմին համար արդէն իսկ սովորական դարձած են Պաքուի հակադարձութիւնները։
«Կրնամ ըսել, որ անոնք ցարդ չեն յաջողած մեզ խանգարել: Անոնք կ՛աշխատին քարոզչութեան դաշտին մէջ, իրականութենէ հեռու տեղեկութիւններ տարածելով։ Կեղծ քարոզչութիւնը կարճ կեանք կ՛ունենայ», եզրակացուց Տէմիրճեան: