ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Յունուար 18ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Աւստրիոյ իր պաշտօնակից եւ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնած Սեպասթիան Քուրցի հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա այս մասին ըսած է. «Առանցքային միջազգային խնդիրները քննարկելու ընթացքին, ռուսական կողմի հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն ցոյց տալու ջանքերուն եւ Սուրիոյ իրավիճակի կարգաւորման համատեղ ու սպառիչ քայլերուն վրայ», միաժամանակ աւելցնելով, որ կողմերը պիտի քննեն նաեւ Ուքրանիոյ, Արցախի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւններն ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը: