ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն»ի լրագրող Արամ Աւետիսեան կը գրէ, թէ Յունուար 20ին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը ստանձնած նոր վարչակազմին եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն վրայ անոր անդրադարձին շուրջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
«Պիտի շարունակենք աշխատանքները նորընտիր Քոնկրեսին, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներուն, ինչպէս նաեւ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարին ու վարչակազմի հետ, արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն շուրջ, վստահ ըլլալու համար, որ մեր ձայնը լսելի պիտի դառնայ», ըսած է Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի։
«Որոշ մօտեցումներ պէտք է շարունակուին, սակայն կան քաղաքական մօտեցումներ, որոնք պէտք է փոխուին: Մենք պատրաստակամ ենք համագործակցելու Թրամփի վարչակազմին հետ այդ խնդիրներու շրջանակին մէջ», իր կարգին ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Նշենք, որ ամերիկահայ այս կազմակերպութիւնները որոշած էին չսատարել թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն:
«Մենք չենք աջակցած նախագահի թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն, քանի որ կը կարծենք, թէ անոնցմէ ոչ մէկը կրցած էր շահիլ մեր աջակցութիւնը: Սակայն, մեծ թիւով ամերիկահայեր գործօն էին թէ՛ Թրամփի եւ թէ Քլինթընի ճամբարներուն մէջ, եւ մենք պատրաստ ենք աշխատելու բոլորին հետ», աւելցուցած է Համբարեան:
«Ամերիկահայ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ սատարած են Թրամփին եւ այլ թեկնածուներու: Այժմ պէտք է բոլորս համախմբուինք՝ մեր ձայնը մայրաքաղաքին մէջ լսելի դարձնելու համար», աւելցուցած է Արտունի:
Ամփոփելով հեռացած վարչակազմին գործունէութիւնը՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները համակարծիք են, թէ առկայ էր հիասթափութիւն, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով:
«Վերջին 8 տարիներու գնահատականը հիմնուած է շարք մը գործընթացներու վրայ, որոնցմէ ոմանք նպաստած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման: Սակայն, կարելի չէ չանդրադառնալ Ցեղասպանութեան ճանաչման իր (Օպամայի) նախընտրական խոստումին, որ դրժուեցաւ», ըսած է Արտունի:
«Օպամայի վարչակազմը սկզիբը աննախադէպ յուսադրող էր եւ խոստմնալից, սակայն անոր խոստումները՝ Արցախի, Ցեղասպանութեան, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին, մնացին անկատար: Աւելի շատ խօսքեր էին, քան՝ արդիւնքներ», իր կարգին նշած է Համբարեան:
Ինչպիսի՞ ակնկալիքներ ունի ամերիկահայութիւնը Թրամփէն…
«Թրամփի վարչակազմը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդէն եւ հիմնովին պիտի փոխէ ամերիկեան աւանդական քաղաքականութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ այդ փոփոխութիւնները դրականօրէն կ՛անդրադառնան Ցեղասպանութեան ու Արցախի ճանաչման խնդիրներուն վրայ», յոյս յայտնած է Համբարեան:
«Կը փափաքինք, որ նոր վարչակազմն ու Քոնկրեսը պատասխանատուութեան ենթարկեն Ատրպէյճանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ անմեղ քաղաքացիներու սպանութիւններուն համար, եւ կ՛ակնկալենք, թէ նոր վարչակազմը աշխուժօրէն ներգրաւուի զինադադարի խախտումները դադրեցնելու հարցին մէջ», իր կարգին յայտնած է Արտունի: