ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Հայաստանի կառավարութիւնը 26 Յունուարին համաձայն գտնուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի ներկայացուցած որոշման նախագիծին, որով կը նախատեսուի նախարարութեան պահեստային ֆոնտէն նուիրատուութեան կարգով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին 43 միլիոն դրամ յատկացնել՝ սուրիական պատերազմէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանք ձեռք բերելու նպատակով:
Կառավարութեան ներկայացուած օգնութեան ցանկին համաձայն՝ որպէս մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրուի պարէնային եւ ոչ պարէնային ապրանքներ, որոնց կարգին՝ սմբուկի խաւիար, բանջարեղէնային խառնուրդ եւ այլ բանջարեղէնային պահածոներ, մանկական տաբատներ, տղամարդու բաճկոններ, կանանց, երեխաներու եւ տղամարդոց համար նախատեսուած այլ հագուստներ: