ԱՆԳԱՐԱ.- «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Անգարա դժգոհութիւն յայտնած է Գերմանիոյ, որովհետեւ վերջինիս արդարադատութեան նախարարը, իր Ամանորի ընդունելութեան ընթացքին, խօսք արտասանելու հրաւիրած է այլախոհ թուրք լրագրող Ճան Տիւնտարը, որուն դէմ ձերբակալութեան որոշում տրուած է Թուրքիոյ մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավարը, որուն ըսուած է, թէ թրքական կողմը տարօրինակ կը նկատէ նման հրաւէր մը:
Իսկ Գերմանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտըն, որ նոյնպէս վերոնշեալ ընդունելութեան հրաւիրեալներու շարքին էր, մերժած էր անոր մասնակցիլ:
Արդարեւ, Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարար Հայկօ Մաս, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի հալածուող խմբագիր Տիւնտարը հրաւիրելով՝ նպատակ ունէր ցոյց տալ, թէ ինք որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մամլոյ ազատութեան հաստատումը: Յիշեցնենք, որ թրքական իշխանութիւնները Տիւնտարը կը մեղադրեն դաւաճանութեան եւ պետական գաղտնիքներ հրապարակելու ամբաստանութեամբ: Ան Յունիս 2016էն ի վեր Գերմանիա կ՛ապրի։