ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ
– Երկար ժամանակ այսպիսի պատուէր չէի առած… Տի՞պ կ՛ուզէք:
– Այո՛, նշխար տպելու փայտէ տիպ: Ինծի համար չէ: Մեր եկեղեցւոյ քահանան ուզեց: Դրամ ալ ուղարկեց: Ըսաւ, թէ դուք Էջմիածինի վերջին փայտափորագրիչն էք եւ գեղեցիկ տիպեր կը պատրաստէք:
– Քանի՞ օր դեռ հոս էք:
– Միայն այսօր: Վաղը կը վերադառնանք:
– Լա՛ւ: Սպասեցէք, կը պատրաստեմ մէկ հատ:
Ու վարպետ Կիրակոսը, ծերունի այդ արհեստաւորը, ըստ երեւոյթին՝ վերջինը իր տեսակին մէջ, կը նստի փոքրիկ սեղանիկին առջեւ, վրան կ՛առնէ սեւ կաշիէ գոգնոցը եւ կը սկսի դասաւորելու գործիքները… գործիքներ, որոնք երկու-երեք սերունդ հնութիւն ունին եւ աւանդն են անկասկած հին վարպետներու: Կիրակոսը կը դնէ նաեւ ակնոց մը, որուն վրայ նստած փոշին կը վկայէ, թէ այդ գործիքը ականատես է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու: Տիպ փորագրելու այս «արարողութիւն»ը կը ստեղծէ նաեւ հայկական տիպերու եւ «տիպ» բառին մասին խօսելու հազուագիւտ պահ:
– Տիպեր փորագրելու արուեստը շատ հին աւանդութիւն է: Մեր եկեղեցւոյ պատմութեան չափ հին… Միջնադարեան վարպետները ստեղծած են այնպիսի գեղեցիկ տիպեր, որոնք այժմ կը ցուցադրուին մայրաքաղաքի Ազգային թանգարանին մէջ: Ի՞նչ նկար կ՛ուզէք տիպին վրայ:
– Խաչելութեա՛ն: Իսկ երկու կողմերուն մակագրութիւն՝ «Յս Քս», 7 սանթիմ տրամագիծով: Պարո՛ն Կիրակոս, դուք մի նայիք իր միավանկ փոքր կազմին… «տիպ» բառը փրկարարի մեծ դեր կատարեց հայոց պատմութեան մէջ, մանաւանդ՝ ճգնաժամային օրերուն: Բառը ծագումով յունական է: Նախատիպը՝ «տիպոս», որ կը նշանակէ «հարուած»: Անոր արմատն է «տիպտօ» բայը՝ «զարնել»: Լատիններու մօտ՝ typus, իսկ ժամանակակից կենդանի լեզուներու մէջ՝ type, typ, tipo:
– «Զարնել», այսինքն՝ քանդակել, փորագրել իմաստով…
– Այո՛, ուստի, այն, ինչը ձեզի պէս արուեստագէտներ կը շինէին փայտով, մետաղով կամ քարով, կը դառնար «տիպ», ինչպէս՝ նշան, դրամի կնիք, պատկեր, եւ այլն: Բառը մուտք գործեց միջնադարեան Հայաստան, հոգեւոր գրականութեան միջոցով: Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ին վկա-յութեամբ՝ Ս. Եփրեմի, Աղեքսանդրացի Փիլոնի եւ Յովհաննէս Ոսկեբերանի գործերուն մէջ «տիպ»ը կը նշանակէր «նախանկարի օրինակ»: Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» երկին մէջ 22 անգամ կը հնչեն «տիպ» բառը եւ անոր ճիւղաւորումները՝ թխատիպ, հանգունատիպ, նմա-նատիպ, ճշմարտատիպ:
– Կը յիշեմ հատուած մը այդ բանաստեղծութենէն, ուր «տիպ»ը դարձեր է ածական՝ Աստուծոյ. «Ընտանի անուն, մերձաւոր ձայն, կցորդութիւն հարազատ, խնամածութիւն հայրենի, խոստովանեալ անուն, պաշտեցեալ պատկեր, անպարագիր տիպ»: Գիշերները կը սիրեմ «Նարեկ» կարդալ…։ Պարագիծի վրայ զարդարա՛նք դնենք, ողկոյզ, երկրաչափական գիծեր… տպաւորիչ կ՛ըլլայ:
– Շնորհակա՛լ եմ, պարո՛ն Կիրակոս. ապա եկաւ «տպաւորել» բայը ու տեղ գտաւ Ս. Գիրքի թարգմանութեան եւ Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ: Իսկ «տիպար» կամ «տիփար» բառը կեանք առաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Մխիթար Ապարնեցիի մօտ: Առաւել տպաւորիչ են «տիպ»ով կազմուած արտայայտութիւնները, ինչպէս՝ «Տիպ մեռելոց»՝ ուրուական, «Տիպք կերպարանաց»՝ կերպարանք, նկարագիր, «Ի տիպ»՝ նման, ձեւ, «Այսու տպով»՝ այսպէս, այս ձեւով, «Բերել զտիպ ուրուք»՝ նմանիլ:
– Խաչի ներքեւ կարելի է Ս. Էջմիածինի գմբէթի ուրուագիծը փորագրել: Տեղ կայ:
– Շա՛տ լաւ… Պարո՛ն Կիրակոս, 1512 թուականին «տիպ» բառը ունեցաւ իր ամենամեծ վերելքը: Այս համեստ միավանկը դարձաւ ազգային վերածնունդի եւ ազատագրական շարժումի մայր տիպարը:
– Նկատի ունիք հայկական տպագրութեան ծնո՞ւնդը:
– Այո՛: Երբ լոյս տեսաւ «Ուրբաթագիրք»ը, հայոց լեզուին եւ կեանքին մէջ մուտք գործեցին «տիպ» բառի լուսաւոր ճաճանչները, ինչպէս՝ տպել, տպարան, տպագրիչ, տպասալ, տպարանատէր, տպարանապետ, տպագիր, տպագրական, տպագրատուն… Ունեցանք նոր արտայայտութիւններ. «արտատպուած է…», «Բ. տպագրութիւն», «տպագրական սխալ»…
– Տպագրութիւնը հայկական հողին վրայ հաստատուեցաւ 1771 թուականին, ճիշդ այստեղ, Էջմիածինի մէջ, երբ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը հիմնեց տպարան մը վանքէն ներս:
– Ժամանակի ընթացքին ալ յայտնուեցան տպագրութեան նոր տեսակներ. զնկատիպ, խմորատիպ, ապակետիպ:
– Ապակետի՜պ: Այսպէս բազմագրուեցաւ Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ը:
– Հայերէն Աստուածաշունչերու ամէնէն «գեղեցկատիպ»ը 1733 թուականի Վենետիկի պատկերազարդ հրատարակութիւնն է: Ունեցանք «արագատիպ» տպարաններ, ինչպէս՝ Թիֆլիսի Մնացական Մարտիրոսեանի եւ Թաւրիզի Հայոց թեմական տպարանները։ Հայը տեսաւ «դժոխատիպ» դէմքեր, վիհեր, բանտեր, «տղմատիպ» կենցաղներ, «լուսատիպ» պատկերներ, «անտիպ» բանաստեղծութիւններ, «վիմատիպ» դիմանկարներ, թատերական յայտարարութիւններ, «սկզբնատիպ» ձեռագիրներ, «ինքնատիպ» ճարտարապետութիւն, «խաչատիպ» եկեղեցիներ, «աստուածատիպ» սուրբեր, «ոսկետիպ» մատեաններ, փոքր կամ մեծ «տպաքանակ» ունեցող հրատարակութիւններ, «տպաւորապաշտ» գեղանկարիչներ, կրակի նման «հրատիպ» աչքեր, գեղաձոյլ «վայելչատիպ» տառեր, կոյսեր եւ վերջապէս՝ «հրեշտակատիպ» գեղեցկուհիներ, ինչպէս ան, որ տպաւորեց միջնադարու տաղասաց Յովհաննէս Կաֆացին.
«Իմ գեղեցիկ, հրեշտակատիպ, լուսատեսիլ, ե՛կ առ իս
Չքնաղագեղ, զարմանալի, պայծառ պատկեր, ե՛կ առ իս»:
Իսկ 1912ին, հայոց տիպն ու տառը պսակուեցան բանասէր Թէոդիկի հրատարակած շքեղ մէկ հատորով՝ «Տիպ Ու Տառ». պատկերազարդ, գեղատիպ հանրագիտարանային աշխատասիրութիւն, որ նուիրուած էր գիրերու գիւտի 1500ամեակին եւ հայկական տպագրութեան 400ամեակին:
Պատրաստ էր տիպը: Փորագրիչ Կիրակոսը վրձինով մը կը մաքրէ փոսիկները, ապա կը սոսնձէ կոթը:
– Շա՜տ տպաւորիչ: Արուեստի գործ, իսկակա՛ն:
– Տպաւորիչ էր «տիպ»ին պատմութիւնը:
– Ի՞նչ պէտք է վճարեմ:
– Անկեղծօրէն՝ ժամանակը եկած է, որ ես հանգստեան կոչուիմ: Այսօր կան եռաչափ տպիչներ: Զարմանալի գործ կը տեսնեն: Մաքուր եւ արագ: Ասիկա վերջին տիպն էր որ ես փորագրեցի: Նուէր՝ էջմիածինցի վարպետ Կիրակոսէն: Ձեզի հետ տարէք իբրեւ յիշատակ: Անոր տպած նշխարները օրհնութիւններ թող բերեն մեր ազգին:
Email: daduryan@agbumhs.org