ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նմանին հանդէպ սիրոյ ու գուրգուրանքի, հոգածութեան ու խնամքի բացառիկ արտայայտութիւն է՝ նախ նկատի ունենալ այդ ուրիշը, եւ յետոյ՝ մեր անձը: Առաջին իսկ ակնարկով, թէպէտ դրական, սակայն՝ անիրականանալի կը թուի նման մօտեցում, երբ մեզի համար պատրաստուածը ուզենք յանձնել ուրիշին, սպասելու այն յաջորդին, որ կրնայ նաեւ իրականութիւն չդառնալ մեր ձեռքերուն մէջ: Մեզի համար պատրաստուածէն, երբ մանաւանդ մեր ձեռքով պատրաստուած է, շատ դժուար է հրաժարիլ, որովհետեւ այն ժամանակը, յոգնութիւնն ու ճիգը, զորս յատկացուցեր ենք, մեզ առաւել եւս կը կապէ ատոր եւ կը դժուարանանք ուրիշին տալ զայն:
Արուեստներու պարագային, երբեմն ի յայտ կու գայ անձնասիրութեան տեսակ մը, երբ արուեստագէտը իր նկարած նկարէն կամ քանդակած արձանէն, եւ կամ՝ կիրառական արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութենէ մը չի՛ կրնար բաժնուիլ եւ վաճառքի չի՛ դներ զայն: Հանդիպած էք, հաւանաբար, որ ցուցադրութեան դրած իր պաստառներէն կամ քանդակներէն ոմանց տակ, արուեստագէտը գրած ըլլայ՝ «ծախու չէ՛»: Ի՞նչն է պատճառը, որ ան այդքան կը կապուի իր արուեստի գործին՝ եթէ ոչ այն սէրը, շունչն ու հոգին, զորս իբրեւ ապրում ունեցած էր այդ արուեստի գործը ստեղծագործած պահուն: Ինչպէ՞ս կրնայ բաժնուիլ անկէ այլեւս, երբ իր հոգիէն մասնիկ մը կ՛ապրի անոր մէջ… Ուրեմն, այս պարագային, կը շրջուի մեր ընտրած վերնագիրը եւ հետեւեալ ձեւով կը գրուի՝ «Նախ ինծի՛, յետոյ՝ քեզի»: Ասիկա պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ սովորական իր վատ իմաստով ըմբռնուած անձնասիրութիւն, այլ՝ սեփական արուեստի նկատմամբ բացառիկ սէր, որուն հանդէպ յարգանք պէտք է ցուցաբերեն անոնք, որոնք արուեստները բարձր կը գնահատեն:
«Նախ քեզի՛, յետոյ ինծի»ին աստուածաբանական հոմանիշը կարելի է ամփոփել մէկ բառի մէջ՝ մարդասիրութիւն: Աստուծոյ սէրը մարդուն հանդէպ այս մէկ բառով կարելի է արտայայտել, որ Միածինին մարդեղութեամբ իր լրումին՝ գագաթնակէտին հասաւ:
Աստուած մարդասէր է: Այդ մարդասիրութեան արդիւնք է մեր ապրած կեանքը իր բոլոր բարիքներով: Իր ստեղծած արարածներուն մասին հոգալը, Աստուծոյ կատարեալ հայրութեան բնական հետեւանքն է: Այս հոգածութիւնը նոյնիսկ կը տարբերի մարդոց իրենց զաւակներուն նկատմամբ ցուցաբերած խնամքէն, որ կրնայ բազմաթիւ թերութիւններով իրագործուիլ մարդկային կեանքին ընթացքին: Չկա՞ն ծնողական սէրէ ու գուրգուրանքէ զուրկ զաւակներ, որոնք պայմաններու բերումով հեռու մնացած են, կամ՝ դիտումնաւոր հեռացուած՝ իրենց ծնողներէն:
Կամ՝ չկա՞ն այնպիսի ծնողներ, որոնք մինչեւ վստահ չըլլան, թէ իրենց զաւակը պիտի խնամէ զիրենք կամ՝ ոչ, ժառանգութիւն չեն կտակեր անոր… Մինչդեռ Աստուծոյ հայրական հոգածութեան մէջ անձնական շահ չկա՛յ: Այսինքն՝ Աստուած «նախ ինծի՛, յետոյ՝ քեզի» անձնասիրական մօտեցումէն տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ իր արարածներուն նկատմամբ: Աստուծոյ հայրութիւնը անթերի ու անշահախնդիր հայրութիւն է, համայն մարդկութեան վրայ սփռուած սիրոյ վերարկու մը, աշխարհի ցուրտէն ու քամիէն պաշտպանելու համար մեզ:
Փոխյարաբերական մեր կեանքին մէջ թեթեւ փոփոխութիւն մը կը կրէ մարդասիրութեան աստուածաբանական իմաստը, վերածուելով եղբայրասիրութեան: Մարդէ մարդ յարաբերութիւնը բնականոն կոչուած եւ համերաշխութեամբ օրհնուած կ՛ըլլայ, երբ եղբայրասիրութեամբ զսպանակուած ըլլայ: Նախանձին ամէնէն զօրեղ հակառակորդը ընկերասիրութիւնն է, որ սիրոյ վերացական գաղափարը իրական կեանքի երեւոյթ կը դարձնէ: Սիրոյ մասին հազար քարոզ, իսկ կարիքի մէջ գտնուողի մը հանդէպ եղբայրասիրական մէկ արարք միայն, երկրէն մինչեւ երկինք անչափելի միջոցին հետ համեմատելի տարբերութիւն ունին:
Մինչեւ այստեղ դրական իմաստով գործածուած ասոյթը՝ «Նախ քեզի՛, յետոյ ինծի», զարմանալիօրէն ունի նաեւ իր ժխտական նշանակութիւնը: Անկեղծ ասած, անձնապէս ցնցուեցայ, երբ առաջին անգամ լսեցի այս ասացուածքին բացասական նշանակութիւնը, որ անէծքի համազօր է…
Վիճաբանող երկու անձերու միջեւ տեղի ունեցած լեզուակռիւը յանկարծ տեղ մը փոխուեր է անիծաբանութեան, անոնցմէ մէկը սկսեր է անէծք տալ միւսին, սկսելով զաւակներէն, հասնելով մինչեւ «հողեմ գլուխդ»ի եզրափակիչ հանգրուանին: Վերջաւորութեան ո՞վ որո՞ւ գլուխը հողեց չենք գիտեր, սակայն սոյն վիճաբանութեան ականջալուր եղած անձէ մը իմացանք, որ անէծքները լսող մարդը, իւրաքանչիւր անէծք լսելէ ետք կ՛ըսէ եղեր. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի»: Ուրեմն, անէծքը իր վրայէն վանելէ աւելի, անիծուողը նոյն անէծքով կ՛անիծէ զինք անիծողին, սակայն առանց անոր արտասանած անէծքը թութակաբար կրկնելու, այլ՝ չէզոք նախադասութեամբ մը զայն ետ հակառակորդին ղրկելով: Պատկերացուցէք թենիսի խաղ մը, ուր խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ միւսին դաշտը ղրկել գնդակը: Դաշտին մէջ լուռ հետեւողները գնդակին ստացած հարուածի ձայնէն կը գիտնան, թէ ատիկա «նախայարձա՞կ» ձայն է, թէ «պատասխան» ձայն:
Բարոյագիտական հարցումը անյապաղ կը հարցնեն մարդիկ նման կացութիւններու դիմաց գտնուելով. «Ո՞վ է յանցաւորը. անիծո՞ղը, թէ միեւնոյն անէծքը միւսին համար ալ ցանկացողը, որ կ՛ըսէ՝ նախ քեզի՛, յետոյ ինծի»: Խորքին մէջ երկուքին յանցանքն ալ ծանր է, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛անիծեն զմիմեանս: Ոմանց կարծիքով, անիծաբանութեան սկսողն է յանցաւորը, այն տրամաբանութեամբ, որ եթէ ան չսկսեր, միւսը պիտի չպատասխանէր եւ պիտի չմեղանչէր: Իսկ աւելի խոր վերլուծաբաններ կ՛ըսեն, թէ պատասխանողը աւելի՛ ծանր յանցանք կը գործէ, երբ կ՛ըսէ. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի», որովհետեւ կրնար քրիստոնէական բարոյագիտութեան ընդունած օրէնքով, ներողամտութիւն ի գործ դնել եւ աւարտել խնդիրը ու հաշտութիւն գոյացնել:
Երկրորդ, միեւնոյն անէծքը երբ անիծողին կը վերադարձուի եւ գործադրութեան նախապատուութիւն մը կը ճշդուի, զայն վերադարձնողին միտքին մէջ տուեալ անէծքը կը բազմապատկուի, չենք գիտեր քանի՜ անգամով…
Ոխն ու ատելութիւնը, բարկութիւնն ու զայրոյթը «կը կերակրուին» ու «կ՛ուռճանան», երբ իր զաւակներուն կամ նոյնինքն իր անձի կորուստին մասին անէծք կը լսեն մարդիկ, այդ պահուն մտածելով անիծուող իրենց սիրելիներուն մասին, եւ իբրեւ ուժեղ վրէժխնդրութիւն՝ կը հակադարձեն անիծողին, միեւնոյն անէծքը յղելով անոր հասցէին:
Մարդասիրական կամ եղբայրասիրական իր իմաստէն տարբեր, այս «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի» ասոյթը ուրեմն, ունի անիծաբանական դարձուածք մըն ալ, որ եկածը ո՛չ միայն ետ կ՛ուղարկէ, այլեւ նախապատուութիւնը կու տայ ղրկող կողմին…
Իսկ ի՞նչ կը մնայ ըսելիք քրիստոնէական կրօնին, երբ «Աչքի դէմ աչք, եւ ատամի դէմ ատամ» նախկին օրէնքին նմանողութեամբ, գուցէ եւ աւելի դաժան մօտեցումով մեզ անիծողին պիտի ըսենք. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի»:
Քրիստոնէութիւնը սիրոյ եւ մանաւանդ ներողամտութեան կրօն է: Սէրը միշտ յաղթական է եւ յառաջամարտիկ, եթէ կարելի ըլլայ անոր տուած խորհուրդները չմերժել կամ գէթ լսել: Անէծքը, ընդհանրապէս, օդին մէջ արձակուած պայթիւնի ձայնէն ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի: Ի՞նչ արդիւնք կրնայ տալ այն փամփուշտը, որ միայն ձայն կը հանէ, իր մէջ չունենալով դէպի թիրախ ուղղուող կապարը: Անիկա թերեւս միայն վախցնէ դիմացինը, այն ալ՝ վայրկեանի մը համար: Յետո՞յ: Յետոյ՝ ոչինչ: «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի» ասոյթին նման, անէծքն ալ անմիաստ բառաչ է: