ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրկին լարուեցան անցեալ շաբաթավերջին, որովհետեւ Յունաստան մերժեց Թուրքիոյ վերադարձնել այն ութ զինուորները, որոնք Յուլիս 15ի պետական հարուածին կազմակերպիչներէն էին, եւ որոնք Յունաստան խոյս տուած էին։
Այս որոշումէն ետք, Անգարա դարձեա՛լ դիմեց Յունաստանին, որ վերջինս վերադարձնէ այդ զինուորները, որովհետեւ՝ «չվերադարձնելու անոնց որոշումը ընդունելի չէ», սպառնալով ջնջել գաղթականները ետ առնելու համաձայնագիրը։