ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Ամբողջ շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ յատկապէս օդակայաններու մէջ, տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ մասնակցեցան գաղթականներու մուտքը արգիլող նախագահ Տանըլտ Թրամփի համատարած հրահանգին դէմ, որուն զոհ գացած էին նաեւ կեցութեան օրինական փասթաթուղթեր ունեցող քաղաքացիներ ու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հալածուող քրիստոնեայ ու եզիտի գաղթականներ։
Դաշնակցային քանի մը դատաւորներ ժամանակաւոր կերպով սառեցուցին նախագահ Թրամփի կողմէ առնուած որոշումը՝ կասեցնելով օդակայաններու մէջ հսկողութեան տակ առնուած ճամբորդները ետ վերադարձնելու քայլերը։