ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2016 թուականի Յունուար-Դեկտեմբերին Հայաստան մուտք գործած է 1,259,657 զբօսաշրջիկ: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակումին համաձայն՝ 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 5.7 տոկոսով: Այս մասին կը գրէ Սեդա Հերգնեան։
2016ին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 1,262,687 անձ: Այս ցուցանիշն ալ, 2015ի համապատասխան ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, աւելցած է 6.3 տոկոսով:
Հակառակ հայաստանեան զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն, որոնց մասին մասնագէտները յաճախ կը խօսին, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: 10 տարուան դրութեամբ (2016ի տուեալները բաղդատելով 2006ին հետ) այդ թիւը եռապատկուած է:
We are very glad the numbers for incoming tourist is increasing every year,although with small percentage. however the numbers for the outgoing tourism are not making sense and don’t seam to be realistic… Can the reporter clarify and let the public know the composition of outgoing travelers. Business, vacation, “Khoban” ???