ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանը ներկայացնող դահուկորդ Սերգէյ Միքայէլեան պրոնզէ մետալ շահած է Ալմաթիի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն:
Ոսկէ մետալի արժանացած է Ռուսիան ներկայացնող Տմիթրի Ռոստովցեւ, իսկ անոր հայրենակից Վալերի Կոնթար՝ արծաթէ:
Սերգէյ Միքայէլեան 10 քմ. մրցուղին անցած է 27 վայրկեան 04.5 երկվայրկեան արդիւնքով՝ 52 երկվայրկեանով ետ մնալով ախոյեանէն։
Նշենք, որ ասիկա մրցումներուն մէջ Հայաստանի առաջին մետալն է:
Ձմեռնային ողիմպիականին Հայաստանը կը ներկայացնէ միայն Սերգէյ Միքայէլեան:
2010ին դառնալով Հայաստանի ախոյեան, Միքայէլեան իրաւունք ստացաւ ներկայացնելու իր երկիրը Վանքուվըրի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն, ուր ազատ ոճով 15 քմ. դահուկարշաւին գրաւեց 70րդ տեղը: 2011ի Օգոստոսին, Նորվեկիոյ Էուրէ քաղաքին մէջ Միքայէլեան մասնակցեցաւ աշխարհի երիտասարդական մրցումին: 17 քմ. ազատ ոճով արշաւին Սերգէյ լաւագոյն ցուցանիշը արձանագրեց՝ 35 վայրկեան 18 երկվայրկեան, եւ գրաւեց առաջին տեղը, իսկ 10.8 քմ. եզրագիծին հասաւ երրորդը եւ արժանացաւ պրոնզէ մետալին:
Սոչիի ողիմպիականին դասական ոճով 15 քմ. դահուկարշաւին Միքայէլեան 87 մասնակիցներու մէջ գրաւեց 46րդ տեղը: