ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ-2017» զեկոյցին մէջ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուցած է որպէս «մասնակի ազատ» երկիրներ: Հայաստան՝ 100 կէտերէ բաղկացած աղիւսակին մէջ, ուր 100ը շատ ազատ, իսկ 0ն ոչ ազատ կը նկատուի, ստացած է 45 միաւոր։
Կազմակերպութիւնը անջատ գնահատականներ ներկայացուցած է նաեւ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու մասով, որոնց մէջ Հայաստան համապատասխանաբար գնահատուած է 5 եւ 4՝ ընդհանուր 7 կէտէն, ուր 7ն ոչ ազատն է, իսկ մէկը՝ ամէնէն ազատ:
Լեռնային Ղարաբաղը ներառուած է «վիճելի տարածքներ»ու ցանկին մէջ՝ 33 կէտով: Անիկա եւս կը նկատուի «մասնակի ազատ»: Լեռնային Ղարաբաղի պարագային ե՛ւ քաղաքական իրաւունքները, ե՛ւ քաղաքացիական ազատութիւնները գնահատուել են 5:
Ըստ զեկոյցին՝ ամէնէն ազատ երկիրը կը նկատուի Ֆինլանտան, իսկ ամէնէն անազատը՝ Զիմպապուէյը:
Տարածաշրջանի երկիրներէն Վրաստանը եւ Թուրքիան նկատուած են «մասնակի ազատ»՝ համապատասխանաբար 64 եւ 53 միաւորով: Իրանը եւ Ատրպէյճանը նկատած են ոչ ազատ՝ 17 եւ 14 միաւորներով: