Թուրքիոյ խորհրդարանի Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ թրքահայ համայնքը հիմա միայն կը ցանկայ, որ Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական տայ, բայց անձամբ իրեն համար կարեւոր է, որ պատրիարքարանի հարցերով ոչ միայն հոգեւորականները զբաղին, այլ նաեւ՝ համայնքը:
«Բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացան Արամ Աթէշեանի օրօք», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ եթէ հասարակութիւնը ներգրաւուի համայնքի կառավարման մէջ, խնդիրները կը քիչնան:
Ան նշած է, որ մինչ այժմ համայնքի հարցերով կը զբաղէր միայն պատրիարքարանը, սակայն ճիշդ պիտի ըլլայ, որ օրէնքները փոխուին, եւ աշխարհիկներն ալ մասնակցին համայնքի կառավարման:
«Մենք կ՛ուզենք, որ անմիջապէս պատրիարքարանի ընտրութիւնները տեղի ունենան, բայց նաեւ պէտք է եկեղեցական օրէնքները փոխուին», ըսած է ան:
Տողան նաեւ նշած է, որ վերջին 9 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իրավիճակի պատճառով հայ համայնքը բաւական կրաւորական էր: Ան նաեւ մատնանշած է, որ պատրիարքարանի ձեռքը եղած է համայնքի ամբողջ մշակութային եւ նիւթական հարստութիւնը, ինչ որ, իր կարծիքով, սխալ էր:
Այժմ, Թուրքիոյ հայերը կը սպասեն, թէ ինչ պիտի պատահի Հինգշաբթի օր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաւէրով Պոլսոյ պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուածը պէտք է քննարկեն Պոլսոյ պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան, Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին Պեքչեան:
Յիշեցնենք, որ պատրիարքարանին մէջ իրավիճակը լարուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Մաշալեան եպիսկոպոսի, որ հեռանալով պատրիարքարանէն՝ գրեց բաց նամակ, որուն մէջ քննադատեց Արամ արք. Աթէշեանը՝ նշելով, որ վերջինս կը շարունակէ իր պաշտօնին մնալ խարդախութեան եւ սպառնալիքներու շնորհիւ:
Սելիա Տողան, խօսելով Էջմիածինի հոգեւորականներուն հետ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիպումէն իր ակնկալիքներուն մասին՝ նշած է, թէ վստահ է, որ անոնք խնդիրի լուծման տարբերակ մը կը գտնեն, բայց այդ որոշումը միայն հոգեւորականներուն համար է:
«Բայց, նորէն կը կրկնեմ, համայնքին մէջ եղած խնդիրը կապուած է սխալ կառավարման հետ: Համայնքի հիմնարկը պէտք է կառավարեն ոչ միայն հոգեւորականները, այլ նաեւ աշխարհիկները, այնտեղ ոչ միայն համայնքի նիւթական, այլ նաեւ՝ մշակութային արժէքներն են», ըսած է ան: