ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հրատարակիչներու հանդիպում: Ըստ Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի կայքին՝ հանդիպումը կազմակերպուած է Թուրքիոյ հրատարակիչներու միութեան եւ «Անտարես» հրատարակչութեան համագործակցութեամբ:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին աջակցութեան նախագիծի ծիրին մէջ Թուրքիա մեկնած հայ հրատարակիչներու խումբը հանդիպած է Թուրքիոյ մէջ գործող հրատարակիչներու, հեղինակային իրաւունքներով զբաղուող գործակալներու եւ թարգմանիչներու հետ:
Հանդիպման բացման ելոյթով հանդէս եկած են Թուրքիոյ հրատարակիչներու միութեան նախագահ Մեթին Ճելալ եւ գլխաւոր քարտուղար Օկիուր Աքըն: Այնուհետեւ Թուրքիոյ հայկական «Արաքս» հրատարակչութեան հայերէն հրատարակչութիւններու խմբագիր Սեւան Տէիրմէնճեան հայերէն տպագրութեան պատմութեան, հրատարակչութեան եւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կապի, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից հայերէն հրատարակչական գործին մէջ «Արաքս» հրատարակչութեան դերին ու փորձին վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է:
«Անտարես Միտիա Հոլտինկ»ի հրատարակչական բաժինի ղեկավար Հռիփսիմէ Մատոյեան նշած է, որ որպէս դարաւոր հարեւաններ՝ հայերը եւ թուրքերը պարտաւոր են իրար մասին ամէն ինչ գիտնալ: Ան անդրադարձած է «Անտարես»ի 25ամեայ պատմութեան, հրատարակութիւններուն եւ թուրք գրականութենէն հայ ընթերցողին համար թարգմանուած երկերուն:
«Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան պատմած է հրատարակչութիւնը խթանելու նպատակով հիմնուած գրական հիմնարկի եւ պետութեան ու այդ հիմնարկիի աջակցութեամբ հայերէնէ այլ լեզուներ կատարուող գրական թարգմանութիւններու մասին:
Ելոյթով հանդէս եկած են նաեւ Հայաստանի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Արքմմնիկ Նիկողոսեան, «Զանգակ» հրատարակչութեան ներկայացուցիչ Արթուր Մեսրոպեան, «Էտիթ Փրին»չ հրատարակչութենէն Շաւարշ Կարապետեան եւ «Արեգ» հրատարակչութենէն Սամուէլ Գասպարեան:
Հանդիպման 2րդ կիսուն ներկայացուած եւ քննարկուած են Թուրքիոյ մէջ հայերէն հրատարակչութեան, հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնի դասաւանդման, թրքերէն- արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն թարգմանիչ-մասնագէտներու պատրաստման, թարգմանչական եւ հրատարակչական գործին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ հնարաւոր լուծումներուն, երկու երկիրներուն միջեւ հրատարակչական առեւտուրին եւ մշակութային կապերու միջոցով երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւններուն առնչուող հարցեր: