ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները այս շաբաթ Ատրպէյճան պիտի այցելեն. այս մասին ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով: Կը նախատեսուի հանդիպումներ կայացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Փոփով նշած է, որ համանախագահներուն Հայաստան այցը տեղի պիտի ունենայ աւելի ուշ։