ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թերեզա Երիմեան ստանձնած է Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի վարիչի պաշտօնը, ծրագիրը ընդարձակելու նպատակով։ Իսկ ծրագիրի նախորդ վարիչը՝ Ռաֆֆի Գարագաշեան, այժմ ստանձնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչի պաշտօնը։
Իւրայատուկ այս ծրագիրին մասնակիցները օժանդակութիւններ կը ստանան, որպէսզի անոնք կարենան հանրային քաղաքականութեան մարզէն ներս աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ այն համալսարանական ուսանողներուն, որոնք հետաքրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով:
«Ուրախ ենք, որ Թերեզան կը միանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մեր կազմին։ Ան նուիրեալ ջատագով մըն է մեր Դատին եւ ունի կազմակերպական հոյակապ ձիրքեր, եւ վստահ ենք, որ պիտի ըլլայ մեր երիտասարդութեան համար հոյակապ խորհրադատու եւ առաջնորդ մը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան։
Թերեզա Երէմեան, Ուաշինկթըն երթալէ առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կառավարական հարցերու վարիչն էր. անոր պաշտօնավարութեան օրով, շրջանի Հայ Դատը կրցած էր յատկանշական իրագործումներու հասնիլ, ինչպէս՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց կողմէ Արցախի ճանաչում եւ հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան ընդարձակում։ Ան մասնակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրներուն, յաջորդաբար՝ 2010ին եւ 2011ին, եւ ջատագոված է հայ ուսանողներ ու երիտասարադ արհեստավարժներ քաղաքականացնելու ջանքերը։ Ան նաեւ եղած է Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի նախագահ։
Թերեզա Երէմեան ծնած է Հայաստան եւ հասակ նետած է Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ, իսկ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն ստացած է իր պսակաւոր արուեստից վկայականը։
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին, շնորհիւ Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկին կատարած նուիրատուութեան: Աւելի ուշ, ծրագիրը կոչուեցաւ անունովը երիտասարդ հանգուցեալ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը իբրեւ հետեւանք մահացաւ: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով, վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է սոյն ծրագիրին: Ծրագիրին յատկանշական օժանդակութիւններ տրամադրած են նաեւ Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ՝ տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեանները, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնը, իսկ ծրագիրին համար գործածուող «Արամեան Տուն»ը 2015ին իրականութիւն դարձաւ՝ շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքի նուէրին: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքէն Արամեան քոյրերը՝ Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներով հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, միաժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել anca.org/gateway կայքէջը: