ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Փետրուար 27ին, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան խորհրադարանի բեմէն յայտարարած էր, որ պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան, իր դիմումին համաձայն, դուրս եկած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութենէն:
Չորեքշաբթի, 8 Մարտին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին Փոստանջեան յայտարարեց, որ Հայաստանի քաղաքացիներու հետ կը նախաձեռնէ հիմնել քաղաքական նոր հարթակ, որ պիտի աշխատի համախմբել համայն հայութիւնը եւ պաշտպանել անոր իրաւունքները:
«Որովհետեւ մեզանում մեր հայրենակիցները այսօր զրկուած են իրենց քաղաքական իրաւունքները լիարժէք օգտուելուց եւ լիարժէք հնարաւորութիւն չունեն՝ մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին», ընդգծած է Փոստաջեան, լրագրողները հրաւիրելով նախաձեռնութեան հիմնադիր համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին:
Փոստանջեան նաեւ յայտնեց, որ նորաստեղծ ուժին միջոցաւ սփիւռքահայութիւնը անմիջական մասնակցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքական կեանքի ձեւաւորման, պիտի օգտուի ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքէն.
«Մենք հասկանում ենք, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնում բնակուող քաղաքացիների շուրջ 50 տոկոսը բաւականին խոցելի վիճակում է՝ թէ սոցիալապէս, թէ աշխատանքի ենթակայութեան համատեքստում», յայտարարած է Փոստաջեան:
Հաշուի առնելով Հայաստանի բնակչութեան խոցելիութիւնը, Փոստաջեան համոզուած է, որ իշխանութեան բռնազաւթումը հնարաւոր է, որ շարունակուի եւ որպէսզի կարելի ըլլայ «ճեղքել» այս իրավիճակը, անհրաժեշտ է ստանալ Սփիւռքի հայերու աջակցութիւնը: