ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք».- Յայտնի ջութակահար եւ խմբավար Վլատիմիր Սպիւաքովի կինը՝ հեռատեսիլի հաղորդավարուհի Սաթի Սպիւաքովա Facebook ընկերային ցանցի իր էջին վրայ արձանագրած է «Բացիկներ հայ կանանց՝ վիրաւոր զինուորներից» հայկական նախաձեռնութեան մասին յօդուած մը՝ բացիկներու լուսանկարներով: Այս նախաձեռնութեամբ մարտական ծառայութեան ընթացքին վիրաւորուած զինուորները իրենց ձեռքերով բացիկներ կը պատրաստեն Մարտ 8ի համար: Նախաձեռնութեան հեղինակը Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանն է: Բացիկներու վաճառքէն ստացուած միջոցները պիտի յատկացուին վերականգնողական կեդրոնին, ուր զինուորները կը կրնան շարունակել իրենց բուժումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.