ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կրաղիւսի աշխարհի ամենամեծ ընկերութիւններէն մէկը՝ գերմանական «Հայտելպերկ Ցեմեն»չը, որոշած է կասեցնել Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումները։ Ընկերութեան տնօրէն Պերնտ Շայֆելէ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ իրագործուելիք ներդրումային բոլոր ծրագիրները ամբողջութեամբ առկախուած են՝ առկայ անորոշ քաղաքական իրավիճակին պատճառով։
Ան նաեւ ազդարարած է, որ Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ երկրի տնտեսական զարգացման վրայ։
Յիշենք, որ գերմանական այս ընկերութեան ու թրքական «Սապանճը» ընկերութեան համատեղ ներդրումներով ստեղծուած է «Աքչանսա» գործարանը, որ Թուրքիոյ մեծագոյն կրաղիւսի գործարանն է՝ բաւարարելով երկրին ընդհանուր պահանջին 10 տոկոսը։