ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Արեւմտեան Լոնտոնի մէջ գտնուող Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին առջեւ, Մարտ 22ին տեղի ունեցաւ ահաբեկչական արարք մը, որուն ընթացքին սպաննուեցան քաղաքային մը ու ոստիկան մը, եւ վիրաւորուեցան մօտաւորապէս 20 ուրիշներ, մինչ ոստիկանները կրակ բանալով սպաննեցին դաշոյնով զինուած յարձակողը, խորհրդարանին առջեւ գտնուող Ուեսթմինիսթըրի կամուրջին վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.