ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Շարունակելով Ատրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ՝ Մալթայի դրամատան մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ Մալթայի վարչապետ Ժոզէֆ Մուսքաթ գտնուած է Ատրպէյճանի ֆինանսական գայթակղութիւններուն կեդրոնը: Լոնտոնի «Կարտիըն» թերթը անցեալ շաբաթ տեղեկացուցած էր, որ Մուսքաթի կինը՝ Միշել, մեծ գումարներ ստացած է նախագահ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլա Ալիեւայի կողմէ:
Մալթայի հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա բացայայտած է «վարկերու ձեւով շարք մը վճարումներ, որոնք ուղարկուած են «Էկրան»չ (Փանամայի մէջ արձանագրուած գաղտնի ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Մալթայի վարչապետի կնոջ): Ամէնէն մեծ գումարը՝ 1.07 միլիոն տոլար, կ՛ենթադրուի, որ փոխանցուած է անցեալ տարուան Մարտին: Ըստ տուեալներուն՝ գումարները փոխանցուած են Pilatus-ի դրամատնային հաշիւէն, որ կը պատկանի Al Sahra FZCO-ի: Կ՛ենթադրուի, որ Al Sahra-ի սեփականատէրը Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դուստրն է», կը գրէ «Կարտիըն»: Մուսքաթ եւ կինը կը հերքեն, որ «Էկրան»չի հետ կապուած վճարումներ ստացած են։
Յատկանշական է, որ Մալթայի նոր ելեկտրակայանի բաժնետէրերէն մէկը Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնն է: Pilatus դրամատնային հաշիւներէն մէկը Մալթայի ուժանիւթի նախարար Քոնրատ Միցիի անունով է, իսկ միւսը՝ նախագահ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլա Ալիեւայի: Միցի եւ Մալթայի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Քիթ Շեմփրի «Փանամայի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններ հիմնած են 2013ին, պաշտօնը ստանձնելէն չորս ամիս ետք: Երրորդ գաղտնի ընկերութիւնը՝ «Էկրան»չ, հիմնուած է նոյն ժամանակ, մալթացի նոյն հաշուապահին կողմէ»: Վարչապետ Մուսքաթ եւ կինը 2014ին հիւրընկալած են Ալիեւները, Մալթա կատարած անոնց այցելութեան ընթացքին:
2005ին, նախագահ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւա, որ վերջերս իր ամուսինին կողմէ նշանակուեցաւ Ատրպէյճանի փոխնախագահ, որպէս անոր հնարաւոր իրաւայաջորդը, ծանօթ է իբրեւ Փանամայի UF Universe հիմնադրամի երկու ղեկավարներէն մէկը, ըստ «Փանամայի փաստաթուղթեր»ուն, որոնք հրապարակուած էին Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ (ICIJ): «UF Universe Հիմնադրամը ամբողջական վերահսկողութիւն ունէր ատրպէյճանական AtaHolding դրամական մեծ կուտակման վրայ: 2005ին նախագահ Ալիեւի երեք երեխաները, ի լրումն Ատրպէյճանի հարկային ծառայութեան բարձրաստիճան անդամներու, հռչակուեցան որպէս շահառուներ…։ Բացի այդ, Ալիեւի դուստրերը կը վերահսկեն Փանամայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը եւ երկու այլ ընկերութիւններ բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներուն վրայ: Փանամական ընկերութիւնը զգալի բաժնետոմս ունի Ընկերութիւններու համախմբման մէջ, որ Ատրպէյճանի մէջ կը զբաղի ոսկիի հանքերու շահագործումով: Ալիեւի քոյրը միակ բաժնետէրն ու սեփականատէրն է բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներուն վրայ 2005 Դեկտեմբերին արձանագրուած ընկերութեան մը: Գրանցման փաստաթուղթերուն մէջ անոր հասցէն նշուած է Լոնտոնի արեւմտեան շրջանը, ուր տուներու միջին գինը կը հասնի 9 միլիոն տոլարի»։
9 Մայիս 2017ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, «Կարտիըն» նաեւ տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները «բացայայտօրէն պահանջած են (վարչապետ Մուսքաթի) հեռացումը՝ կաշառակերութեան աճող գայթակղութեան, անոր կնոջ ներգրաւուածութեան, փանամական գաղտնի ընկերութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի դստեր կողմէ ենթադրեալ վճարումներուն պատճառով: Եւրոպական խորհրդարանի Հետաքննութեան յանձնաժողովը Մուսքաթը հրաւիրած է Սթրազպուրկի իր նստավայրը՝ անոր ուղղուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ ցուցմունք տալու համար, սակայն Մուսքաթ մերժած է հրաւէրը»։
Հետաքննող լրագրող Կալիցիա տեղեկացուցած է, թէ կին մը, որ աշխատած է որպէս Pilatus դրամատան սեփականատէր Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինեժատի օգնական, չհրկիզուող պահարանի մէջ յայտնաբերած եւ պատճենահանած է Միշել Մուսքաթի անունով արձանագրուած դրամատնային հաշիւի ձեւակերպման փաստաթուղթերը: Օգնականը յայտնած է թղթակիցին, որ «անոր տուած են ընկերութիւններու ցանկ մը, թերեւս ութ կամ տասը անուն, եւ ըսած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ատոնց վճարման գործարքներուն: Անոնց շարքին էին Willerby Inc.-ը, Tillgate Inc.-ը, Hearnville Inc.-ը, Egrant Inc.-ը եւ Al Sahra FZCO-ը», ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Լէյլա Ալիեւային՝ նախագահ Ալիեւի դստեր, ըստ Times of Malta-ի: Օգնականը ըսած է, որ ինք տեսած է դրամատնային հաշիւներ բանալու պաշտօնաթուղթերը: «Al Sahra FZCO-ի հարիւր հազարաւոր տոլարներու վճարումները մշտապէս նշուած են որպէս վարկային վճարումներ եւ չեն փոխանցուած Pilatus դրամատան մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն, այլ՝ փոխանցուած են Տուպայի մէջ ունեցած հաշիւներուն…: Անգամ մը, ըսած է ան, դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ղանպարի հրահանգներ ստացած է Հաշեմինեժատէն՝ շուրջ 400 հազար տոլարի գումար փոխանցելու մալթացի կնոջ մը, որ կ՛ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ ունի ոսկերչական գործարք: Այդ փոխանցումը պէտք է նշուէր որպէս վարկային վճարում»։
Օգնականը խոստովանած է, որ ան դրամատան իր պատճէնահանած փաստաթուղթերը յանձնած է Մալթայի իշխանութիւններուն, քանի որ «ես այլեւս չէի կրնար հանդուրժողութեամբ կարդալ այդ կեղծիքները, ժխտումները եւ կիսաճշմարտութիւնները։ Այդ բոլորը չափազանց շատ էին…»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ