ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի 14րդ տարեկան փառատօնը այս տարի մայրաքաղաքի մշակութային կեանքը պիտի աշխուժացնէ Յուլիս 9էն 16:
«Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի շարժապատկերի միջազգային փառատօնը կազմակերպուած է մշակոյթի նախարարութեան կողմէ՝ գլխաւոր գործընկեր ունենալով «Վիւասել»ը:
Փառատօնի մեկնարկը յայտարարուեցաւ Երկուշաբթի, 5 Յունիսին հրաւիրուած մամոյ ասուլիսին ընթացքին: Խօսք առնողներ՝ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, «Վիւասել»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեան ընդգծեցին տարիներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ մանրամասնութիւններ տուին 14րդ փառատօնի կարգ մը ծրագիրներու մասին:
Մասնաւորապէս յայտարարուցան հիմնական մրցութային չորս ծրագիրի միջազգային դատակազմերը, բացման եւ փակման շարժապատկերները:
Փառատօնը ստացած է շուրջ 1100 դիմում, 96 երկիրներէ: Մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներու մէջ ընդգրկուած է աւելի քան հարիւր ֆիլմ: