ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Յունիս 5ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտարարեց. «Մենք յաջորդ տարի նշելու ենք մայիսեան հերոսամարտերի 100ամեակը եւ չպէտք է առանձնացնենք երրորդ Հանրապետութիւնը առաջինից, քանի որ այս Հանրապետութիւնը 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերի արդիւնքն է»:
Առաջին Հանրապետութեան վերաբերող արխիւներուն անդրադառնալով՝ Վիրաբեան նշեց, որ Ազգային արխիւը պատրաստած է ժողովածու մը, որուն մէջ պիտի զետեղուին Առաջին Հանրապետութեան վերաբերեալ հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, թրքերէնով եւ օսմաներէնով բոլոր փաստաթուղթերը:
Ազգային արխիւը նաեւ ծրագրած է պատրաստել հանրագիտարան մը՝ նուիրւած մայիսեան հերոսամարտերու զինուորականներուն:
«Այս մարդկանց յիշատակը մենք պէտք է յաւերժացնենք, որովհետեւ նրանց քաջագործութեան շնորհիւ մենք այսօր կանք, Երեւանը կայ, հայ ժողովուրդը կայ», ըսաւ Վիրաբեան՝ աւելցնելով, որ նաեւ Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր նիւթերը ցուցահանդէսով պիտի ներկայացուին Սարդարապատի մէջ:
Ըստ Ազգային արխիւի տնօրէնին՝ մեր արխիւները սփռւած են աշխարհով մէկ: «Առաջին Հանրապետութեան, բացի ռազմական նախարարութեան փաստաթղթերից, մնացած բոլոր փաստաթղթերը մեզ մօտ պահպանուել են: Պառլամենտի փաստաթղթերի մի մասն է մեզ մօտ, միւս մասը ՀՅԴ Բոստոնի արխիւում է: Առաջին Հանրապետութեան արխիւային փաստաթղթերն ամբողջութեամբ պահպանուած են», ընդգծեց Վիրաբեան:
Վիրաբեանի կարծիքով՝ ռազմական նախարարութեան արխիւներու չգոյութեան պատճառը այն է, որ ճակատամարտերու փաստաթուղթերը այդքան շատ չեն եղած, քանի որ նախարարութիւնը փաստաթուղթ պատրաստելու ժամանակ չունէր, եւ պայմանները այնպիսին էին, որ միայն պէտք է կռուէին: «Զարմանալին այն է, որ երեք ճակատամարտերից երկուսում մենք յաղթել ենք՝ Բաշ-Ապարանում եւ Սարդարապատում, իսկ Ղարաքիլիսայում պարտուել ենք, բայց Ղարաքիլիսայի մասին փաստաթղթերն աւելի շատ են, որովհետեւ այս երկուսում յաղթել էինք՝ ուշադրութիւն դարձնող չկար: Ռազմական հրամանատարութիւնը ստիպել է, որ մանրամասն գրուի այն մասին, թէ ինչպէս եղաւ, որ Ղարաքիլիսայում պարտուեցինք», ըսաւ Վիրաբեան:
Արտասահման գտնուող փաստաթուղթերու մասին Վիրաբեան նշեց, որ Մոսկուայի հետ մէկուկէս տարի աշխատած են եւ շուտով այնտեղ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը կը բերուին Երեւան: Վրաստանի մէջ գտնուող փաստաթուղթերը Ազգային արխիւը դրամով կը գնէ՝ էջը 4 լարի:
«Արտասահմանեան բոլոր հայկական արխիւներում տխուր վիճակ է ստեղծուել, աշխատողներ չկան, իրենց բառով ասած՝ գոցուած են դրանք: ՀՅԴի հետ քննարկելու ենք արխիւներից նիւթերը բերելու հարցը», նշեց Վիրաբեան: