ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հանրածանօթ հեղինակ Սարգիս Վահագնի նոր հրատարակուած՝ «Ծաղկաքաղ Պատ-մուածքներու» գիրքը պիտի ներկայացուի Հինգշաբթի, Յունիս 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA):
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Լիլիթ Քէհէեան:
Մուտքը ազատ է, եւ ներկաները պիտի հիւրասիրուին:
«Ծաղկաքաղ Պատմուածքներու» հատորը կը պարունակէ Սարգիս Վահագնի գրեթէ ամբողջական պատմուածքներուն վերամշակուած հաւաքածոն: Ըստ գրագէտ Գէորգ Քրիստինեանի՝ «Պարզ ու ջինջ խօսքի վարպետ է Վահագնը: Դա այն փնտռուած պարզութիւնն է, ուր իւրաքանչիւր բառ իր տեղումն է, իր դերումը, չի չարչրկուած ու նախնական հիւսուածքին գոյն ու ձեւ տուող, իրեն յատկացուած բովանդակութիւնը լիովին արտայայտող է: Ոգեղէն արձա՛կն է դա»։
Սարգիս Վահագն ծնած է Պէյրութ, 1927ին: Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը: Յիսունական թուականներէն սկսած է մաս կազելու գրական եւ մշակութային այլազան խմբաւորումներու: Իր գրութիւնները լոյս տեսած են զանազան գրական ամսագիրներու մէջ: Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է նաեւ շարժապատկերի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ: 2008ին արժանացած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։