ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Յունիս 11ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (5252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214), ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսութիւնը:
«Քրիստոնէութիւն եւ արդի աղանդաւորական շարժումներ» նիւթին մասին պիտի դասախօսէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Նախքան դասախօսութիւնը՝ ելոյթ պիտի ունենայ եկեղեցւոյս մանկական երգչախումբը, որ պիտի ներկայացնէ հայկական երգերու փունջ մը՝ Չէչեանի, Կոմիտասի, Մովսէսեանի եւ Յովհաննէսեանի ստեղծագործութիւններէն:
Միւռոն Ծ. վարդապետ մանրամասնօրէն պիտի ներկայացնէ տարբեր աղանդներու էութիւնը եւ գործունէութիւնը, որոնք կը հարուածեն Քրիստոսի աստուածութիւնը: Խումբ մը աղանդներ հրապարակային ձեւով կը մերժեն Քրիստոսի աստուածութիւնը, իսկ ուրիշներ՝ անուղղակիօրէն, սակայն բոլորն ալ հեռացած եւ անջատուած են Ս. Աւետարանի էութենէն:
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան շրջանաւարտ է Անթիլիասի Դպրեվանքէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն է: Աբեղայ ձեռնադրուած է 1980ին: 1983ին աւարտած է վարդապետական աւարտաճառը՝ նիւթ ունենալով «Վահան Գողթնացիի կեանքն ու գործունէութիւնը», եւ ստացած վարդապետական աստիճան ու գաւազան: 1995ին, ծայրագոյն վարդապետի աստիճան ստացած է: Յաճախած է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը եւ եղած Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ, Լիբանանի թեմի Կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի ատենապետ, ՀԵԿԴՕՄի եւ ՀԵՀՈՄի հոգեւոր խորհրդատու՝ Արամ Ա. վեհափառի տնօրինումով: 1998ին դասաւանդած է անգլերէն եւ Հին Կտակարան՝ Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս:
2000ին, ան կը հետեւի Փիթցպըրկի Աստուածաբանական համալսարանի դասընթացքներուն եւ կը ստանայ Աստուածաբանութեան ու Ս. Գրային գիտութեանց մէջ մագիստրոսի կոչում: 2005էն սկսեալ, հոգեւոր, դաստիարակչական եւ կազմակերպչական աշխատանքներ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան սատարող զանազան բնագաւառներէ ներս: Այժմ, ան հոգեւոր տեսուչն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին:
Սոյն դասախօսութեան մուտքը ազատ է:
Անոնք, որոնք կը փափաքին հովանաւորել մեր յառաջիկայ ձեռնարկները, թող հաճին դիմել cvarmenianchurch@gmail.com հասցէին։
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)