ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».- «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան գրած է. ««ԵԼՔ» խմբակցութիւնը ՀՀ գլխաւոր դատախազին ուղղուած գրութիւն է պատրաստել, որով միջնորդում է Անդրիաս Ղուկասեանին ազատ արձակել կալանքից:
«ԵԼՔ»ի պատգամաւորները պատրաստ են նաեւ հանդէս գալ որպէս Անդրիաս Ղուկասեանի երաշխաւոր: Առաւօտեան գրութիւնը կ՛ուղարկուի ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին»:
Նշենք, որ Անդրիաս Ղուկասեան բանտարկուած է անցեալ տարուայ Յուլիս 30ի Սարի թաղի դէպքերէն ի վեր: Վերջերս անոր դէմ մեղադրանքը խստացուած է: