ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանական լրատուական միջոցները զինուորական հանդերձանքով տղամարդ մը ցոյց տուած են տեսերիզով, զինք «Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայող» ներկայացնելով:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ մատուցուած այս տեսագրութեան մէջ, «Զաւէն Յովհաննէսի Կարապետեան» անունով ներկայացուած զինուորը հարցաքննութեան ենթարկուած է: Անմեղսունակ թուացող կասկածեալը կոտրտուած հայերէնով յայտնած է իր անունը եւ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ 1974ին ծնած, Նոյեմբերեանի շրջանի Դովեղ գիւղի բնակիզչ: Տղամարդը «խոստովանած է», որ հայկական բանակի պայմանագրային զինծառայող է եւ նախօրէին իբր թէ մասնակցած է Ատրպէյճանի սահմանը թափանցելու գործողութեան:
Դովեղ համայնքի ղեկավար Սամուէլ Գրիգորեան կը վստահեցնէ, որ նման մարդ չկայ իրենց գիւղին մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստան քաջածանօթ է հասարակ մարդոց, քաղաքացիական անձերու իբրեւ զինուոր ներկայացնելու ատրպէյճանական քարոզչական մարտավարութեան:
«Այս անձը քաղաքացիական անձ է, մեր բանակում նման զինծառայող չկայ. տեսքն անգամ պարզ դա է ասում: Մենք ծանօթ ենք հասարակ մարդկանց դիվերսանտ ներկայացնելու ադրբեջանական մեթոդներին», յայտնեց Արծրուն Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ ատրպէյճանցի Խասիմ Մասիմով իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատած է 50ամեայ Հայաստանցի քաղաքացի մը: Ան նշած է, որ քաղաքացիական անձը սահմանը հատած է ատրպէյճանական Քերիմլի գիւղի շրջանէն: Զայն յայտնաբերած են տեղւոյն բնակիչները, որոնք այնուհետեւ կատարուածի մասին տեղեակ պահած են զինուորականներուն:
Գրառումը կատարելէն կարճ ժամանակ ետք Խասիմ Մասիմով, հաւանաբար տեղի տալով ճնշումներու՝ իր էջէն ջնջած է այդ տեղեկութիւնը:
Վանաձորի քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեան «Թերթ»ի լրագրողին տեղեկացուցած է, որ Զաւէն Կարապետեան Վանաձորի ծերանոցի հասցէով դիմած է անձնագիր ստանալու համար:
Քաղաքապետը պատմեց, որ վերջինս բնակութեան յստակ վայր չէ ունեցած, բայց քաղաքին մէջ զայն տեսած են աղբ հաւաքելու ատեն:
Մամիկոն Ասլանեան աւելցուց, որ վերջինս տարօրինակ պահած է ինքզինք, հաւանաբար, հոգեբանական խնդիրներ ունենալու պատճառով:
«Նա Վանաձորի հետ ծագումնաբանական որեւէ կապ չունի: Մանկատանն է մեծացել, յետոյ, չգիտես ինչպէս, յայտնուել է այստեղ: Նա պարզապէս գրանցուած է եղել մեր ծերանոցում, որպէսզի անձնագիր ստանայ: Որոշ ժամանակ տարբեր տեղերում քնել է, աղբ է հաւաքել, տարօրինակ անձնաւորութիւն էր… Տարբեր տեղեր քնել է, բնակութեան կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) վայր չունէր: Վերջին տարիներին իրենից տուեալներ չկան», ըսաւ քաղաքապետ Ասլանեան: