ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, 5րդ տարին ըլլալով, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն կազմակերպեց դպրոցական շրջուն ցուցահանդէս ու այցելեց տասը հայկական վարժարաններ: Այցելութեան ընթացքին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններու եւ դաստիարակչական խաղերու փունջ մը:
Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը իւրաքանչիւր վարժարանի մէջ մնաց ամբողջ օր մը՝ առիթ տալով աշակերտներուն, որ զբօսանքներուն եւ դասապահի ժամերուն, ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծանօթանան հրատարակութիւններուն եւ դաստիարակչական խաղերուն:
Բոլոր վարժարաններուն մէջ արձանագրուեցաւ խանդավառ ու վարակիչ մթնոլորտ, աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ թերթատեցին գիրքերը եւ գնեցին իրենց նախասիրածը:
Այս երեւոյթը գօտեպնդիչ է եւ կը խթանէ հրատարակչական նոր ծրագիրներ՝ ի խնդիր հայ գիրի ու գրականութեան տարածման եւ մայրենիի պահպանման: